Սիրելի՛ հայրենակից,
«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է 56 տարեկան ընտանիքի մայր մը, որ մէկ ամիսէ ի վեր լեարդի բարդ հիւանդութենէ մը կը տառապի:
Լեարդի պատուաստումի համար Ֆրանսա պիտի փոխադրուի:
Նախնական ծախսերը կը նախատեսուին 200.000 եւրօ:
Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը: Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր նուիրատուութիւններուն:
Այս իմաստով դարձեալ ձեզի կը դիմենք` սիրելի՛ հայրենակից, որ «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ի կոչին ընդառաջէք:
Վստա՛հ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր նուիրատուութեամբ կեանք մը կը փրկենք:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ