Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (31 Օգոստոս 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ԼՕԽ-ի Թրիփոլի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաւոր ընկերուհիներէն

ԱԼԻՍ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 29 օգոստոս 2016-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին տոքթ. Րաֆֆի եւ Անիթա Նալպանտեան եւ դստերք` Լիլիթ եւ Սանահին
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Ռուպի Ճուհարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ատուր եւ Ռուզան Այնթէպլեան եւ զաւակունք
Մերթխանեան եւ Քելեշեան ընտանիքներ
Ալոզեան եւ Ճուհարեան ընտանիքներ
Այնթէպլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԱԼԻՍ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԵՐԹԽԱՆԵԱՆ, 1931-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 29 օգոստոս 2016-ի առաւօտեան, իր բնակարանին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 30 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Մինայի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ «Սեդա Խաչերեան» սրահին մէջ, չորեքշաբթի, 31 օգոստոս եւ հինգշաբթի, 1 սեպտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Արուսեակ Գասարճեան
Տէր եւ տիկին Մինաս Գասարճեան եւ զաւակները` Վարդան եւ Աւետիս
Տիկին Մարօ Գասարճեան եւ զաւակները` Վարանդ, Վարդան եւ Հրակ
Տէր եւ տիկին Գէորգ Քէօշկերեան եւ զաւակները` Շահան, Մարիան եւ Լարա
Տէր եւ տիկին Գէորգ Գարաճրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան եւ դստերք
Տիկին Մարի Սարաֆեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժան Կոստանեան եւ զաւակունք
Գասարճեան եւ Քէօշկերեան ընտանիքներ
Սարաֆեան եւ Աբէլեան ընտանիքներ
Արապեան եւ Տաղլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`

ՎԱՐԴԱՆ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Մարաշ, 1921-ին)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 օգոստոս 2016-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ չորեքշաբթի, 31 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 1 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցիին:

Mousaler_logoՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 101-ԱՄԵԱԿԻ
ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 77-ԱՄԵԱԿԻ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

տեղի պիտի ունենան`

16, 17 ԵՒ 18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2016-ԻՆ

Մանրամասնութիւնները` մօտ օրէն

———————————————————————-

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԹԱԹԻԿԵԱՆ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հիմնուած` 1934-ին Պուրճ Համուտ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2016-2017

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Արձանագրութիւնները կը շարունակուին 5 սեպտեմբերէն սկսեալ ամսուան մէջ, ամէն օր ժամը 9:00-էն 12:00:

Ծանօթ.- 16 սեպտեմբերը վերջին օրն է կրթանպաստի դիմումնագիրներ ընդունելու:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Երկրորդական Գ. կարգի (պաքալորէա) եւ միջնակարգ Գ. կարգի (պրէօվէ) դասաւանդութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերին: Այս դասարաններուն համար անհրաժեշտ վերաքննութիւնները տեղի կ՛ունենան հինգշաբթի, 8 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Մնացեալ բոլոր կարգերու դասաւանդութիւնները կը սկսին հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեզուներ` չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
Այլ նիւթեր` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:

ՆՈՐԵԿ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Նորեկ աշակերտները պարտին ներկայացնել, վիճակացոյցի եւ վաւերացուած «իֆետէ»-ի կողքին, բարի վարուց վկայագիր: Նորեկ աշակերտներու մուտքի քննութիւն` ժամադրութեամբ:

———————————————————————-

ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆանար – Լիբանան
Հեռ. 01-891068 – 891099

2016-2017 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը վերսկսին հինգշաբթի, 1 սեպտեմբերին, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն 1:00, բացի շաբաթ օրերէն:

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2016 – Թ., Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016 – Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բոլոր դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2016 – Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:25-14:30:

Ծանօթ.

1) Գրենական պիտոյքի եւ համազգեստի վաճառում` երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերէն սկսեալ, առաւօտեան ժամը 8:30-1:00 (բացի շաբաթ օրերէն):

2) Մուտքի քննութիւնը նորեկ աշակերտներուն համար` նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական` ֆրանսերէնի, արաբերէնի եւ թուաբանութեան` չորեքշաբթի, 7 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:

Բարի վերամուտ եւ արդիւնաւէտ տարեշրջան

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————-

ՄՏՔՈՎ ԹԵՐԱՃ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ`

Երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:30-ին:

Կեդրոնը կը շարունակէ ընդունիլ հին եւ նոր աշակերտներ` երկսեռ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ:

Կեդրոնը ունի աշխատանոցի դրութիւն եւ ինքնաշարժի սպասարկութիւն:

Հասցէ` Պուրճ Համուտ-Թրատ, նախկին Թրատի Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ:

Հեռ. 03-420538/Tel-Fax 01-257631 e-mail: zvartnotz@hotmail.com

ԾԱՆՕԹ.- Մասնագիտացած դաստիարակութիւնը առաւել չափով արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, երբ մանուկներ փոքր հասակին կեդրոն կը ներկայանան:

Բարի վերամուտ

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը կարիքը ունի Ազգային տուրքի գանձիչի մը:

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի անձամբ ներկայանալ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Նաքքաշ, Թելլեթ Սրուր 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ, յարակից մասերով + թերաս + կառատուն: Ամսական 650$: Դիմել` հեռ. 71-921721 կամ 04-405556:

———————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

City Mall-ի մէջ արանց հագուստի վաճառատուն մը կարիքը ունի վաճառող երկսեռ պաշտօնեաներու` կիսաժամ դրութեամբ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:

Վճարումի լաւ պայմաններ: Դիմել` հեռ. 01-260013 կամ 03-622643 թիւերուն:

———————————————————————-

 

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>