Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (1 Սեպտեմբեր 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի նախկին ատենապետուհիներէն

ԹԱԳՈՒՀԻ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 30 օգոստոս 2016-ին:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Յովսէփ Պաղտոյեան եւ զաւակը` Սերժ
Տէր եւ տիկին Բարսեղ եւ Պեթի Զարդարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Արաքսի Թուրսարգիսեան եւ զաւակունք
Պաղտոյեան եւ Պետրոսեան ընտանիքներ
Թուրսարգիսեան եւ Շիթիլեան ընտանիքներ
Մելքիսէթեան եւ Մերճանեան ընտանիքներ
Զարդարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, քեռկինին, հօրեղբօր կնոջ եւ հարազատին`

ԹԱԳՈՒՀԻ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ, 1942-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 30 օգոստոս 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, քաղաքի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կը գուժէ իր վաստակաւոր նախկին թաղականներէն

ՎԱՐԴԱՆ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 օգոստոս 2016-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

———————————————————————-

ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ ՖՈՆՏ

Սիրելի՛ հայրենակից,

«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է քաղցկեղէ տառապող հայ կին մը:

Բուժման որոշ հանգրուանէ մը ետք բժիշկները անհրաժեշտ գտան ողնածուծի պատուաստումը:

Նախնական ծախսերը բուժման բոլոր հանգրուաններով կը նախատեսուին 60.000 ամ. տոլար:

Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը:

Սակայն գումարը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր օժանդակութեան:

Այս իմաստով դարձեալ կը դիմենք ձեզի` սիրելի՛ հայրենակից, որ ձեր նուիրատուութիւններով կեանք մը փրկէք:

Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախապէս, այս անգամ եւս ձեր մասնակցութիւնը որոշիչ դեր ունի:

Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:

ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

———————————————————————-

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

2 սեպտեմբեր 2016-էն սկսեալ,
ուրբաթ եւ երեքշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին:

2 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Նիւթ` «Արցախեան հարցի բանակցային հոլովոյթը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին իրադարձութիւններուն անդրադարձը»:

Զրուցակից` Արմէն Ռուստամեան (ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար)

6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Նիւթ` «Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը»:

Զրուցակից` Աղուան Վարդանեան (ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար)

9 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Նիւթ` «Հայ դատի աշխատանքներու նոր հորիզոնները եւ համահայկական միակամութիւնը»:

Զրուցակից` Կիրօ Մանոյեան (ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու)

13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Նիւթ` «Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան գործունէութիւնը եւ ծրագիրները»:

Զրուցակից` Դաւիթ Լոքեան (Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար)

16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Նիւթ` «Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան գործունէութիւնը եւ ծրագիրները»:

Զրուցակից` Արծուիկ Մինասեան (Հայաստանի տնտեսութեան նախարար)

20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Նիւթ` «Եւրոպայի մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութիւնը եւ գաղութներուն համար ամուր պետականութեան կարեւորութիւնը»:

Զրուցակից` Մուրատ Փափազեան (ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ)

Հարցազրոյցները կը վարէ` Րաֆֆի Տեմիրճեան:

———————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Կաթողիկոսարանիս բարերարներէն` Ժիրայր եւ Արշաւիր Մանուկեաններու հոգիներուն համար, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 սեպտեմբեր 2016-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնայ մատրան եւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի:

Կը հրաւիրուին «Ժիրայր եւ Արշաւիր Մանուկեան կրթական ֆոնտ»-էն կրթաթոշակ ստացող ուսանողները եւ անոնց ծնողները, ներկայ գտնուելու արարողութեան եւ իրենց արժանի յարգանքը ընծայելու ազնուահոգի եւ կրթանուէր բարերարներուն:

———————————————————————-

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք Պոլոնիայի եւ Մրուժի մեր ազգայիններուն, որ կիրակի 4 սեպտեմբեր 2016-ին, Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Մրուժի Մար Թաքլա եկեղեցւոյ մէջ:

Երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Սկիզբ Ս. պատարագի`             ժամը 10:30-ին
Ջրօրհնէք`                                                         ժամը 12:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու օրուան սուրբ խորհուրդին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Mousaler_logoՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 101-ԱՄԵԱԿԻ
ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 77-ԱՄԵԱԿԻ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

տեղի պիտի ունենան`

16, 17 ԵՒ 18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2016-ԻՆ

Մանրամասնութիւնները` մօտ օրէն

———————————————————————-

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գրասենեակներուն ամէնօրեայ վերաբացումը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2016-ին:

2016-2017 տարեշրջանի լրացուցիչ արձանագրութիւնները կը շարունակուին:

Գիրքերու եւ համազգեստի վաճառքը կը կատարուի երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերէն սկսեալ մինչեւ ուրբաթ, 16 սեպտեմբեր 2016:

Մանկապարտէզի համազգեստներու վաճառքը կը կատարուի երկուշաբթի, 19-էն մինչեւ ուրբաթ, 23 սեպտեմբեր 2016-ին:

Յառաջիկայ 2016-2017 տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ կարգով.

Թ, ԺԱ եւ ԺԲ դասարաններ.- չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:

Է, Ը եւ Ժ դասարաններ.- հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:

Բ, Գ, Դ, Ե եւ Զ դասարաններ.- չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:

Ա դասարան.- հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:

Կանաչ դասարան.- երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

Կապոյտ դասարան.- երեքշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

Վարդագոյն դասարան.- չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————-

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԹԱԹԻԿԵԱՆ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հիմնուած` 1934-ին Պուրճ Համուտ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2016-2017

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Արձանագրութիւնները կը շարունակուին 5 սեպտեմբերէն սկսեալ ամսուան մէջ, ամէն օր ժամը 9:00-էն 12:00:

Ծանօթ.- 16 սեպտեմբերը վերջին օրն է կրթանպաստի դիմումնագիրներ ընդունելու:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Երկրորդական Գ. կարգի (պաքալորէա) եւ միջնակարգ Գ. կարգի (պրէօվէ) դասաւանդութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերին: Այս դասարաններուն համար անհրաժեշտ վերաքննութիւնները տեղի կ՛ունենան հինգշաբթի, 8 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Մնացեալ բոլոր կարգերու դասաւանդութիւնները կը սկսին հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեզուներ` չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
Այլ նիւթեր` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:

ՆՈՐԵԿ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Նորեկ աշակերտները պարտին ներկայացնել, վիճակացոյցի եւ վաւերացուած «իֆետէ»-ի կողքին, բարի վարուց վկայագիր: Նորեկ աշակերտներու մուտքի քննութիւն` ժամադրութեամբ:

———————————————————————-

ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆանար – Լիբանան
Հեռ. 01-891068 – 891099

2016-2017 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը վերսկսին հինգշաբթի, 1 սեպտեմբերին, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն 1:00, բացի շաբաթ օրերէն:

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2016 – Թ., Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016 – Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բոլոր դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2016 – Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:25-14:30:

Ծանօթ.

1) Գրենական պիտոյքի եւ համազգեստի վաճառում` երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերէն սկսեալ, առաւօտեան ժամը 8:30-1:00 (բացի շաբաթ օրերէն):

2) Մուտքի քննութիւնը նորեկ աշակերտներուն համար` նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական` ֆրանսերէնի, արաբերէնի եւ թուաբանութեան` չորեքշաբթի, 7 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:

Բարի վերամուտ եւ արդիւնաւէտ տարեշրջան

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————-

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ
Հիմնուած` 1923-ին
Հայկազեան Համալսարանին կից
Հեռ. 01-349816, ե-նամակ` a_e_c@cyberia.net.lb

2016-2017 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը կը շարունակէ ընդունիլ ծիլէն մինչեւ 12-րդ դասարան դիմող աշակերտներ:

Նորեկ աշակերտներուն դիմումները կ՛ընդունուին սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:00, նախընտրաբար` ժամադրութեամբ:

Կրթանպաստ պիտի տրամադրուի ուսումնապէս փայլուն, բայց նիւթապէս ոչ բարւոք վիճակի մէջ գտնուող աշակերտներու:

Հինգշաբթի, 22 եւ ուրբաթ, 23 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան վերաքննութիւնները եւ մուտքի քննութիւնները:

Արձանագրութիւնները պիտի կատարուին երկուշաբթի, 26, երեքշաբթի, 27 եւ չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին, ժամը 8:30-էն 12:30:

Փոխադրամիջոցներ ապահովուած են ԲՈԼՈՐ շրջաններուն համար:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

12-րդ դասարան` հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2016,
Նախակրթարանի Ա. դասարանէն երկրորդականի 11-րդ դասարան` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2016,
Մանկապարտէզ` չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2016:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————-

ՄՏՔՈՎ ԹԵՐԱՃ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ`

Երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:30-ին:

Կեդրոնը կը շարունակէ ընդունիլ հին եւ նոր աշակերտներ` երկսեռ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ:

Կեդրոնը ունի աշխատանոցի դրութիւն եւ ինքնաշարժի սպասարկութիւն:

Հասցէ` Պուրճ Համուտ-Թրատ, նախկին Թրատի Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ:

Հեռ. 03-420538/Tel-Fax 01-257631 e-mail: zvartnotz@hotmail.com

ԾԱՆՕԹ.- Մասնագիտացած դաստիարակութիւնը առաւել չափով արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, երբ մանուկներ փոքր հասակին կեդրոն կը ներկայանան:

Բարի վերամուտ

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը կարիքը ունի Ազգային տուրքի գանձիչի մը:

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի անձամբ ներկայանալ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Նաքքաշ, Թելլեթ Սրուր 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ, յարակից մասերով + թերաս + կառատուն: Ամսական 650$: Դիմել` հեռ. 71-921721 կամ 04-405556:

———————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

City Mall-ի մէջ արանց հագուստի վաճառատուն մը կարիքը ունի վաճառող երկսեռ պաշտօնեաներու` կիսաժամ դրութեամբ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:

Վճարումի լաւ պայմաններ: Դիմել` հեռ. 01-260013 կամ 03-622643 թիւերուն:

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>