ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐԱ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տոքթ. Սօսի Մատէեան-Հաուի
Տէր եւ տիկին Մարտիկ Մատէեան եւ ընտանիքը
Տէր եւ տիկին տոքթ. Գրիգոր Մատէեան եւ ընտանիքը
կը գուժեն իրենց մօր եւ հարազատին`
ՎԵՐԺԻՆ ՄԱՏԷԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՆԱՃԱՐԵԱՆ)
մահը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նուէր Էմիրզեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Կարօ եւ Ալինա Յովսէփեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Ժնեւիեւ Յովսէփեան եւ ընտանիք
Տիկին Արլեթ Տէր Կարապետեան եւ դուստրը
Եղիշ Յովսէփեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Էտուար Յովսէփեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Լուիզ Յովսէփեանի զաւակները
Յովսէփեան եւ Այվազեան ընտանիքներ
Կիւրիւնլեան եւ Քրմաթլեան ընտանիքներ
Տէր Կարապետեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Էմիրզեան եւ Գանթարճեան ընտանիքներ
Եոզղաթլեան եւ Մաթիքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՊԵՏՐՈՍ ՀԱՃԻ ԿԱՐԱՊԵՏ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ ՖՈՆՏ»
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է 31 տարեկան հայ երիտասարդ մը:
Բուժման որոշ փուլէ մը ետք բժիշկները անհրաժեշտ գտան լեարդի պատուաստումը:
Նախնական ծախսը բուժման բոլոր փուլերով կը նախատեսուի 200.000 ամ. տոլար:
Գործողութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ:
Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը:
Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր օժանդակութեան:
Այս իմաստով դարձեալ կը դիմենք ձեզի, սիրելի՛ հայրենակիցներ, որ ձեր նուիրատուութիւններով կեանք մը փրկէք:
Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր մասնակցութիւնը որոշիչ դեր ունի:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
———————————————————————-
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՇԱԲԱԹ, 17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016 –
ՍՐԲՈՑՆ ՅԱԿՈԲԱՅ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ, ՄԱՐՈՒԳԷԻ ՃԳՆԱՒՈՐԻՆ ԵՒ ՄԵԼԻՏՈՍԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին: Յետ ժամերգութեան` Ս. Հաղորդութիւն:
– Աղօրհնէք եւ մատաղցու ոչխարներու զենում` ժամը 9:00-ին:
– Մատաղի պատրաստութիւն` ամբողջ օրը:
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` ժամը 6:00-ին:
– Գեղարուեստական յայտագիր` ժամը 7:30-ին, եկեղեցւոյս դպրաց դասին կատարողութեամբ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ղեկավարութեամբ` Պօղոս սրկ. Քէսապլեանի:
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ, ՔԱՐՈԶԷ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔԸ ԿԱՏԱՐԷ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին:
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին:
– Պատարագի աւարտին` հոգեհանգիստ եւ մատաղօրհնէք:
ՇԱԲԱԹ, 24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Մսուրի բացում եւ գեղարուեստական յայտագիր` Ս. Ծննդեան շարականներ եւ հոգեւոր երգեր:
Կէսօրէ ետք ժամը 5.00-ին` «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին:
– Երեկոյեան նախատօնակ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին` ժամը 6:30-ին:
ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Ներկայութեամբ` Լիբանանի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ
Խմբապետական կազմին
ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՕԳՆԵՆՔ ՈՒՐԻՇԻՆ
ՄԻԱՑԷ՛Ք ՄԵԶԻ
Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, ժամը 10:00-էն 12:00 «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին մէջ, ՁԵԶԻ ՀԵՏ ԲԵՐԵԼՈՎ ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆ ԵՒ ԽԱՂԱԼԻՔ:
———————————————————————-
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Սոնա Կարապետեանի մահուան առիթով`
Յովհաննէս եւ Կարօ Պարտիզպանեան (Սպանիա) 200$
Արա Քենտիրճեանի մահուան քառասունքին առիթով`
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Աբրահամեան 100$
———————————————————————-
ԿՈՉՆԱԳԻՐ
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդը, 4 նոյեմբեր 2016 թուականին արձակեց պարոն Սարգիս Փոլ Թորոսեանի եւ տիկին Անի Գուրգէն Ասատրեանի ամուսնալուծման դիմումին վերաբերեալ թիւ 33/16 վճիռը:
Սոյն կոչնագիրը համազօր է վճիռի հաղորդման, որով այս թուականէն սկսեալ ենթակաները ունին 40 օր` իբրեւ վերադատ ատեանին դիմելու ժամանակամիջոց:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար կը խնդրուի դիմել Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդի գրասենեակ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Այն ընտանիքները, որոնք զանազան պատճառներով զրկուած կը մնան Ս. Ծննդեան եւ Զատկական տնօրհնէքներէն, թող բարեհաճին 01-258300 հեռաձայնի թիւով կապուիլ Ազգային առաջնորդարանի քարտուղարութեան եւ փոխանցել անուն-մականուն, հասցէ, հեռաձայնի թիւ եւ ծխային շրջանի անուն, որպէսզի քահանայ հայրը նաեւ այցելէ իրենց բնակարանները:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
———————————————————————-
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Հովանաւորութեամբ`
ԱՐՀԻ. Տ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
Օգնական եպիսկոսպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմի
Կատարողութեամբ`
Հ. ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆի
եւ
Լիբանանահայ թենոր ՃՈՆԻ ԿԷՕՔՃԵԱՆի
Մասնակցութեամբ`
«ԱՐԾԻՒԵԱՆ» եւ «ԲԼԲՈՒԼ» երգչախումբերուն
Ղեկավարութեամբ`
ՄԱՅԵՍԹՐՕ ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆի
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԱՐԳԻՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹՆԿԸՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԻՔԱՅԷԼ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՆԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
———————————————————————-
ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻՆ
Փաստաբանական գրասենեակ մը` Պոլիսէն, կը փնտռէ հետեւեալ անուանացանկին հետ ազգականական հարազատութեան կապ ունեցող որեւէ ժառանգորդ.
– Ասատուր Մերջիմէքեան (Մարտիրոս Օղլու):
– Փիեռօն Անանեան (կինը` Մարի), զաւակները` Ժոզեֆ, Անտրէա եւ Մարիա:
– Նուարդ Փարութեան (Արամ Օղլու):
– Գէորգ Չատիրչեան (Արթին Օղլու):
– Արմենակ Պէյհան (Ճանօ Օղլու):
– Էլենի (Միլթիյատու Քըզը):
Ժառանգորդները յաւելեալ մանրամասնութեան համար կրնան կապ հաստատել հետեւեալ ե-նամակին.
Re: Heirs
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաշուապահուհի մը, նուազագոյնը` 2 տարուան փորձառութեամբ:
Հայերէն գիտնալը` պայման: Դիմողը պէտք է տիրապետէ անգլերէնին եւ արաբերէնին:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին.
———————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Զալքայի շրջան, 4 ցուցափեղկով, 260 քառ. մեթր, տարեկան վարձք` 85.000$: Դիմել` հեռ. 01-878724 կամ 03-454848:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պիյաքութի շրջան, նորակառոյց շէնք, 180 քառ. մեթր, ծովահայեաց տեսարան: Հեռ. 03-305775:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ Է
Յարկաբաժին մը` 100 քառ. մեթր, եւ խանութ մը` 50 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, ջուրի ընկերութեան թաղ, հեռ. 70-548365, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք:
———————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Տէր եւ տիկին Հայկազ եւ Լենա Եարտըմեան իրենց դստեր` ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆի Անգլիոյ «Օքսֆորթ Պրուքս» համալսարանէն դոկտորական վկայականով շրջանաւարտ ըլլալուն ուրախ առիթով կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– «Ազդակ» օրաթերթին 100.000 լ. ո.
– «Արարատ» օրաթերթին 100.000 լ. ո.
– «Զարթօնք» օրաթերթին 100.000 լ. ո.
– «Ջանասէրին» 100.000 լ. ո.
– «Ծաղիկ» շաբաթաթերթին 100.000 լ. ո.
– ՔԱՀԼ-ի լրատուին 100.000 լ. ո.
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ