ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեզա Գրիգորեան
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Լարա Գրիգորեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Լենա Գրիգորեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Սիրան Ամմուն եւ զաւակունք
Օրիորդ Թալին Գրիգորեան
Տիկին Մատլեն Թապրիզի
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Ռոզեթ Էլէյճեան
Տէր եւ տիկին Մովսէս Էլէյճեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Ասատուրեան
Տիկին Կիւլեն Գապաքեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳԱԼՈՒՍՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1933-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2016-ին, Քանատայի մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Լաւալ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Րաֆի եւ Անի Օհանեան
Ալիք Օհանեան
Փաթիլ Օհանեան
Պերճուհի Գասպարեան
Դանիէլ Աբրահամեան
Արա Մարկոսեան եւ ընտանիք
Հայկ Մարկոսեան եւ ընտանիք
Մարալ Թըրնըր եւ ընտանիք
Յակոբ Գասպարեան
Վիգէն Գասպարեան
Օհանեան եւ Քիւբէլեան ընտանիքներ
Ճելալեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Տողրամաճեան եւ Շիշմանեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԺԵԼ ՌԵՄՈՆ ՕՀԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպաս հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Թահուիթայի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան սուրիահայ գաղթական աշակերտներու կրթական օժանդակութեան:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տոքթ. Սօսի Մատէեան-Հաուի
Տէր եւ տիկին Մարտիկ Մատէեան եւ ընտանիքը
Տէր եւ տիկին տոքթ. Գրիգոր Մատէեան եւ ընտանիքը
կը գուժեն իրենց մօր եւ հարազատին`
ՎԵՐԺԻՆ ՄԱՏԷԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՆԱՃԱՐԵԱՆ)
մահը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:
———————————————————————-
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ ՖՈՆՏ»
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է 31 տարեկան հայ երիտասարդ մը:
Բուժման որոշ փուլէ մը ետք բժիշկները անհրաժեշտ գտան լեարդի պատուաստումը:
Նախնական ծախսը բուժման բոլոր փուլերով կը նախատեսուի 200.000 ամ. տոլար:
Գործողութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ:
Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը:
Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր օժանդակութեան:
Այս իմաստով դարձեալ կը դիմենք ձեզի, սիրելի՛ հայրենակիցներ, որ ձեր նուիրատուութիւններով կեանք մը փրկէք:
Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր մասնակցութիւնը որոշիչ դեր ունի:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
———————————————————————-
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՇԱԲԱԹ, 24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Մսուրի բացում եւ գեղարուեստական յայտագիր` Ս. Ծննդեան շարականներ եւ հոգեւոր երգեր:
Կէսօրէ ետք ժամը 5.00-ին` «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին:
– Երեկոյեան նախատօնակ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին` ժամը 6:30-ին:
ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Ներկայութեամբ` Լիբանանի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻՆ
Փաստաբանական գրասենեակ մը` Պոլիսէն, կը փնտռէ հետեւեալ անուանացանկին հետ ազգականական հարազատութեան կապ ունեցող որեւէ ժառանգորդ.
– Ասատուր Մերջիմէքեան (Մարտիրոս Օղլու):
– Փիեռօն Անանեան (կինը` Մարի), զաւակները` Ժոզեֆ, Անտրէա եւ Մարիա:
– Նուարդ Փարութեան (Արամ Օղլու):
– Գէորգ Չատիրչեան (Արթին Օղլու):
– Արմենակ Պէյհան (Ճանօ Օղլու):
– Էլենի (Միլթիյատու Քըզը):
Ժառանգորդները յաւելեալ մանրամասնութեան համար կրնան կապ հաստատել հետեւեալ ե-նամակին.
Re: Heirs
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաշուապահուհի մը, նուազագոյնը` 2 տարուան փորձառութեամբ:
Հայերէն գիտնալը` պայման: Դիմողը պէտք է տիրապետէ անգլերէնին եւ արաբերէնին:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին.
———————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Զալքայի շրջան, 4 ցուցափեղկով, 260 քառ. մեթր, տարեկան վարձք` 85.000$: Դիմել` հեռ. 01-878724 կամ 03-454848:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պիյաքութի շրջան, նորակառոյց շէնք, 180 քառ. մեթր, ծովահայեաց տեսարան: Հեռ. 03-305775:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ Է
Յարկաբաժին մը` 100 քառ. մեթր, եւ խանութ մը` 50 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, ջուրի ընկերութեան թաղ, հեռ. 70-548365, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք:
———————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Սոնա Կարապետեանի մահուան առիթով`
– Յովհաննէս եւ Կարօ Պարտիզպանեան (Սպանիա) 200$
Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի` սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրման առիթով`
– Կիրակոս Գույումճեան (Քուէյթ) 500$
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ