ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին ատենապետներէն
ԳԱԼՈՒՍՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ Քանատայի մէջ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Լուիզ Եսայեան եւ զաւակը` Կարօ
Տէր եւ տիկին Համբար եւ Ալիծ Եսայեան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մակի Եսայեան եւ զաւակները` Գարին եւ Շանթ
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Թալին Նահապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Զելա Պայրամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սարին Ճիկերճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Սինթիա Եսայեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Դալար Օգնայեան եւ դուստրը
Եսայեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Պայրամեան եւ Ճիկերճեան ընտանիքներ
Առաքելեան եւ Նախնիկեան ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Նոխուտեան ընտանիքներ
Պահատրեան եւ Փեհլիվանեան ընտանիքներ
Նահհաս եւ Պաստաճեան ընտանիքներ
Ուզունեան եւ Օգնայեան ընտանիքներ
Նահապետեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՐԱՔՍԻ ԵՍԱՅԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Անթիլիաս, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նոյեմի Արապեան
Տիկին Սեդա Քառնապի
Տէր եւ տիկին Արթիւր Արապեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Երուանդ Արապեան եւ ընտանիք
Սոնիա Արապեան
Սերժ Քառնապի
Փաթրիք Քառնապի
Տէր եւ տիկին Մարսել Քոնճեան եւ ընտանիք
Տիկին Տիգրանուհի Պուլոս եւ զաւակունք
Դշխուն Քոնճեան
Քոնճեան եւ Գընաճեան ընտանիքներ
Արապեան եւ Քառնապի ընտանիքներ
Վարդանեան եւ Ժապուրեան ընտանիքներ
Վանլեան եւ Միսիրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԺԵԼ ՍԱՐԳԻՍ ԳԸՆԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Թահուիթայի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Րաֆի եւ Անի Օհանեան
Ալիք Օհանեան
Փաթիլ Օհանեան
Պերճուհի Գասպարեան
Դանիէլ Աբրահամեան
Արա Մարկոսեան եւ ընտանիք
Հայկ Մարկոսեան եւ ընտանիք
Մարալ Թըրնըր եւ ընտանիք
Յակոբ Գասպարեան
Վիգէն Գասպարեան
Օհանեան եւ Քիւբէլեան ընտանիքներ
Ճելալեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Տողրամաճեան եւ Շիշմանեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԺԵԼ ՌԵՄՈՆ ՕՀԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպաս հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Թահուիթայի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան սուրիահայ գաղթական աշակերտներու կրթական օժանդակութեան:
———————————————————————-
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ ՖՈՆՏ»
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է 31 տարեկան հայ երիտասարդ մը:
Բուժման որոշ փուլէ մը ետք բժիշկները անհրաժեշտ գտան լեարդի պատուաստումը:
Նախնական ծախսը բուժման բոլոր փուլերով կը նախատեսուի 200.000 ամ. տոլար:
Գործողութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ:
Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը:
Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր օժանդակութեան:
Այս իմաստով դարձեալ կը դիմենք ձեզի, սիրելի՛ հայրենակիցներ, որ ձեր նուիրատուութիւններով կեանք մը փրկէք:
Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր մասնակցութիւնը որոշիչ դեր ունի:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
———————————————————————-
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՇԱԲԱԹ, 24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Մսուրի բացում եւ գեղարուեստական յայտագիր` Ս. Ծննդեան շարականներ եւ հոգեւոր երգեր:
Կէսօրէ ետք ժամը 5.00-ին` «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին:
– Երեկոյեան նախատօնակ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին` ժամը 6:30-ին:
ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Ներկայութեամբ` Լիբանանի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Բենօ Թոնդեանի մահուան Բ. տարելիցին առիթով`
Թոնդեան ընտանիք 100$
———————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Շէմմասեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւն կատարելով Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին, մասնակից դարձան իրենց ամուսնոյն եւ հօր` ԼԵՒՈՆ ՃԱՊՐԱ ՇԷՄՄԱՍԵԱՆի մահուան սուգին:
———————————————————————-
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՍԵՊՈՒՀԻՆ ՆԱՊԱՍՏԱԿԸ
Մանկապատանեկան Պատմուածքներ
Հեղինակ` ՊԵՐՃԱՆՈՅՇ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
Պէյրութ, 2016
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաշուապահուհի մը, նուազագոյնը` 2 տարուան փորձառութեամբ:
Հայերէն գիտնալը` պայման: Դիմողը պէտք է տիրապետէ անգլերէնին եւ արաբերէնին:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին.
———————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Զալքայի շրջան, 4 ցուցափեղկով, 260 քառ. մեթր, տարեկան վարձք` 85.000$: Դիմել` հեռ. 01-878724 կամ 03-454848:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պիյաքութի շրջան, նորակառոյց շէնք, 180 քառ. մեթր, ծովահայեաց տեսարան: Հեռ. 03-305775:
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ Է
Յարկաբաժին մը` 100 քառ. մեթր, եւ խանութ մը` 50 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, ջուրի ընկերութեան թաղ, հեռ. 70-548365, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ