ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Խաժակ Լաչինեան
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ դոկտ. Արփի Լաչինեան-Խոստեղեան եւ զաւակները` Դալար եւ Գեղամ
Տէր եւ տիկին տոքթ. Էրիք եւ տոքթ. Շողակ Լաչինեան-Սինկման եւ զաւակները` Ծովաննա, Էմունա, Քէյլըպ, Թամար եւ Լիորա
Տիկին դոկտ. Ատելայիտ Լաչինեան եւ զաւակները` Սեւան, Գոհար եւ Հայկ
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Անայիս Ֆերմանեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Պարգեւ եւ Եփրուհի Սարաֆեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գմհամ եւ Շողիկ Ըթըր եւ ընտանիք
Տիկին Ժանեթ Լաչինեան
Լաչինեան եւ Տխրունի ընտանիքներ
Մկրտիչեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԼԱՉԻՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1928-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Լուիզ Եսայեան եւ զաւակը` Կարօ
Տէր եւ տիկին Համբար եւ Ալիծ Եսայեան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մակի Եսայեան եւ զաւակները` Գարին եւ Շանթ
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Թալին Նահապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Զելա Պայրամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սարին Ճիկերճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Սինթիա Եսայեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Դալար Օգնայեան եւ դուստրը
Եսայեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Պայրամեան եւ Ճիկերճեան ընտանիքներ
Առաքելեան եւ Նախնիկեան ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Նոխուտեան ընտանիքներ
Պահատրեան եւ Փեհլիվանեան ընտանիքներ
Նահհաս եւ Պաստաճեան ընտանիքներ
Ուզունեան եւ Օգնայեան ընտանիքներ
Նահապետեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՐԱՔՍԻ ԵՍԱՅԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Անթիլիաս, չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նոյեմի Արապեան
Տիկին Սեդա Քառնապի
Տէր եւ տիկին Արթիւր Արապեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Երուանդ Արապեան եւ ընտանիք
Սոնիա Արապեան
Սերժ Քառնապի
Փաթրիք Քառնապի
Տէր եւ տիկին Մարսել Քոնճեան եւ ընտանիք
Տիկին Տիգրանուհի Պուլոս եւ զաւակունք
Դշխուն Քոնճեան
Քոնճեան եւ Գընաճեան ընտանիքներ
Արապեան եւ Քառնապի ընտանիքներ
Վարդանեան եւ Ժապուրեան ընտանիքներ
Վանլեան եւ Միսիրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԺԵԼ ՍԱՐԳԻՍ ԳՆԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Թահուիթայի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
———————————————————————-
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ ՖՈՆՏ»
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է 31 տարեկան հայ երիտասարդ մը:
Բուժման որոշ փուլէ մը ետք բժիշկները անհրաժեշտ գտան լեարդի պատուաստումը:
Նախնական ծախսը բուժման բոլոր փուլերով կը նախատեսուի 200.000 ամ. տոլար:
Գործողութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ:
Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը:
Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր օժանդակութեան:
Այս իմաստով դարձեալ կը դիմենք ձեզի, սիրելի՛ հայրենակիցներ, որ ձեր նուիրատուութիւններով կեանք մը փրկէք:
Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր մասնակցութիւնը որոշիչ դեր ունի:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
———————————————————————-
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՇԱԲԱԹ, 24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Մսուրի բացում եւ գեղարուեստական յայտագիր` Ս. Ծննդեան շարականներ եւ հոգեւոր երգեր:
Կէսօրէ ետք ժամը 5.00-ին` «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին:
– Երեկոյեան նախատօնակ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին` ժամը 6:30-ին:
ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Ներկայութեամբ` Լիբանանի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով կամ այլ ձեւով, մասնակից դարձան իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին` ԱՐԱ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆի մահուան սուգին:
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաշուապահուհի մը, նուազագոյնը` 2 տարուան փորձառութեամբ:
Հայերէն գիտնալը` պայման: Դիմողը պէտք է տիրապետէ անգլերէնին եւ արաբերէնին:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին.
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ Է
Յարկաբաժին մը` 100 քառ. մեթր, եւ խանութ մը` 50 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, ջուրի ընկերութեան թաղ, հեռ. 70-548365, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք:
———————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Մատլեն Մարութեանի մահուան առիթով`
– Կարպիս Մարութեան եւ ընտանիք 300$
– Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սոնա Մարութեան 300$
– Հրաչ Մարութեան բժշկական ելեկտրական անկողին (electrical medical bed) եւ անուաւոր կառք (wheel-chair)
Ագապի Պօղոսեանի մահուան առիթով`
– Տիկին Շողինար Պօղոսեան-Գարակէօզեան 100$
– Յովիկ Պօղոսեան 100$
– Տիկին Ծովինար Պօղոսեան-Մինզ 100$
– Վարդգէս Գարակէօզեան 50$
– Տիկին Արաքսի Գարակէօզեան 50$
– Կարօ Պօղոսեան 100$
– Կարօ Խաչերեան 50$
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ