ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սոնա Մէյվալեան-Կիւրիւնեան
Օրդ. Անի Անթուան Կիւրիւնեան
Տիկին Հիլտա Քֆուրի եւ դստերք` տոքթ. Մայա եւ Լիլի
Օրդ. Լենա Անթուան Կիւրիւնեան
Տիար Յակոբ Պետրոս Մէյվալեան եւ զաւակները` Արին եւ Նորայր
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Միմի Հաժժար եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Կարպիս եւ Էլօ Հարպոյեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Շաքէ Գազանճեան եւ ընտանիք
Կիւրիւնեան եւ Սեքսենեան ընտանիքներ
Հաժժար եւ Հարպոյեան ընտանիքներ
Գազանճեան եւ Խուրի ընտանիքներ
Գալօղլեան եւ Մկրտիչեան ընտանիքներ
Զաքարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, եղբօր, մօրեղբօր, քենեկալին եւ հարազատին`
ԺՈՐԺ ԱՆԹՈՒԱՆ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Թահուիթայի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հինգշաբթի, 22 եւ ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան դահլիճին մէջ, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 24 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Սոնա Մելքոնեան եւ դուստրը` Աստղիկ
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Սեւան Մելքոնեան եւ դստերք` Անժելա եւ Գարինա
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Հայկուհի Գասարճեան
Տիկին Մարի Պալապանեան
Տէր եւ տիկին Հաուըրտ եւ Յասմիկ Էյպըլ եւ զաւակները` Ժիւլի-Էնն եւ Մարք Պաղճեան
Տիար Վահէ Գասարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գասարճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Լենա Անսրլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Թալին Պալապանեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ճինա Պալապանեան
Տէր եւ տիկին Մարկոս եւ Արաքսի Մելքոնեան
Տիկին Սիրան Դաւիթեան եւ զաւակունք
Մելքոնեան եւ Գասարճեան ընտանիքներ
Պալապանեան եւ Էյպըլ ընտանիքներ
Պաղճեան եւ Անսրլեան ընտանիքներ
Դաւիթեան եւ Մայպալեան ընտանիքներ
Մարգարեան եւ Դարբինեան ընտանիքներ
Մոսիկեան եւ Հալաճեան ընտանիքներ
Մաթոսեան եւ Էտոյեան ընտանիքներ
Փանոսեան եւ Նաճարեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան եւ Արոյեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ԳՐԻԳՈՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Ատանա)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, իսկ շաբաթ, 24 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Խաժակ Լաչինեան
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ դոկտ. Արփի Լաչինեան-Խոստեղեան եւ զաւակները` Դալար եւ Գեղամ
Տէր եւ տիկին տոքթ. Էրիք եւ տոքթ. Շողակ Լաչինեան-Սինկման եւ զաւակները` Ծովաննա, Էմունա, Քէյլըպ, Թամար եւ Լիորա
Տիկին դոկտ. Ատելայիտ Լաչինեան եւ զաւակները` Սեւան, Գոհար եւ Հայկ
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Անայիս Ֆերմանեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Պարգեւ եւ Եփրուհի Սարաֆեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գմհամ եւ Շողիկ Ըթըր եւ ընտանիք
Տիկին Ժանեթ Լաչինեան
Լաչինեան եւ Տխրունի ընտանիքներ
Մկրտիչեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԼԱՉԻՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1928-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
———————————————————————-
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ ՖՈՆՏ»
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին դիմած է 31 տարեկան հայ երիտասարդ մը:
Բուժման որոշ փուլէ մը ետք բժիշկները անհրաժեշտ գտան լեարդի պատուաստումը:
Նախնական ծախսը բուժման բոլոր փուլերով կը նախատեսուի 200.000 ամ. տոլար:
Գործողութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ:
Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը:
Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր օժանդակութեան:
Այս իմաստով դարձեալ կը դիմենք ձեզի, սիրելի՛ հայրենակիցներ, որ ձեր նուիրատուութիւններով կեանք մը փրկէք:
Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր մասնակցութիւնը որոշիչ դեր ունի:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
———————————————————————-
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՇԱԲԱԹ, 24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Մսուրի բացում եւ գեղարուեստական յայտագիր` Ս. Ծննդեան շարականներ եւ հոգեւոր երգեր:
Կէսօրէ ետք ժամը 5.00-ին` «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին:
– Երեկոյեան նախատօնակ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին` ժամը 6:30-ին:
ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Ներկայութեամբ` Լիբանանի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հայրապետական սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեպպաս հրապարակ, կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Յաւարտ սուրբ պատարագին, հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի եկեղեցւոյ մէջ: Այնուհետեւ հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի շարունակէ ընդունիլ պատրիարքարանին դահլիճը`
– Կիրակի, 25 դեկտեմբեր, ժամը 16:00-19:00:
– Երկուշաբթի, 26 դեկտեմբեր, ժամը 10:00-13:00 եւ 16:00-19:00:
– Երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր, ժամը 10:00-13:00 եւ 16:00-19:00:
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱԿՈԲ ՏՈՒՏԱՔԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաշուապահուհի մը, նուազագոյնը` 2 տարուան փորձառութեամբ:
Հայերէն գիտնալը` պայման: Դիմողը պէտք է տիրապետէ անգլերէնին եւ արաբերէնին:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին.
———————————————————————-
ԾԱԽՈՒ Է
Յարկաբաժին մը` 100 քառ. մեթր, եւ խանութ մը` 50 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, ջուրի ընկերութեան թաղ, հեռ. 70-548365, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք:
———————————————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Շէմմասեան ընտանիքի անդամները իրենց ամուսնոյն եւ հօր` Լեւոն Ճապրա Շէմմասեանի յիշատակին կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 500 տոլարով:
(22 դեկտեմեր 2016)
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ