Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (23 Դեկտեմբեր 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սոնա Մէյվալեան-Կիւրիւնեան
Օրդ. Անի Անթուան Կիւրիւնեան
Տիկին Հիլտա Քֆուրի եւ դստերք` տոքթ. Մայա եւ Լիլի
Օրդ. Լենա Անթուան Կիւրիւնեան
Տիար Յակոբ Պետրոս Մէյվալեան եւ զաւակները` Արին եւ Նորայր
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Միմի Հաժժար եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Կարպիս եւ Էլօ Հարպոյեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Շաքէ Գազանճեան եւ ընտանիք
Կիւրիւնեան եւ Սեքսենեան ընտանիքներ
Հաժժար եւ Հարպոյեան ընտանիքներ
Գազանճեան եւ Խուրի ընտանիքներ
Գալօղլեան եւ Մկրտիչեան ընտանիքներ
Զաքարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, եղբօր, մօրեղբօր, քենեկալին եւ հարազատին`

ԺՈՐԺ ԱՆԹՈՒԱՆ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆԻ

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Թահուիթայի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հինգշաբթի, 22 եւ ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան դահլիճին մէջ, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 24 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ:

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Սոնա Մելքոնեան եւ դուստրը` Աստղիկ
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Սեւան Մելքոնեան եւ դստերք` Անժելա եւ Գարինա
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Հայկուհի Գասարճեան
Տիկին Մարի Պալապանեան
Տէր եւ տիկին Հաուըրտ եւ Յասմիկ Էյպըլ եւ զաւակները` Ժիւլի-Էնն եւ Մարք Պաղճեան
Տիար Վահէ Գասարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գասարճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Լենա Անսրլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Թալին Պալապանեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ճինա Պալապանեան
Տէր եւ տիկին Մարկոս եւ Արաքսի Մելքոնեան
Տիկին Սիրան Դաւիթեան եւ զաւակունք
Մելքոնեան եւ Գասարճեան ընտանիքներ
Պալապանեան եւ Էյպըլ ընտանիքներ
Պաղճեան եւ Անսրլեան ընտանիքներ
Դաւիթեան եւ Մայպալեան ընտանիքներ
Մարգարեան եւ Դարբինեան ընտանիքներ
Մոսիկեան եւ Հալաճեան ընտանիքներ
Մաթոսեան եւ Էտոյեան ընտանիքներ
Փանոսեան եւ Նաճարեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան եւ Արոյեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ՅԱԿՈԲ ԳՐԻԳՈՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Ատանա)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, իսկ շաբաթ, 24 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան:

———————————————————————-

ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հայրապետական սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեպպաս հրապարակ, կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Յաւարտ սուրբ պատարագին, հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի եկեղեցւոյ մէջ: Այնուհետեւ հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի շարունակէ ընդունիլ պատրիարքարանին դահլիճը`

– Կիրակի, 25 դեկտեմբեր, ժամը 16:00-19:00:
– Երկուշաբթի, 26 դեկտեմբեր, ժամը 10:00-13:00 եւ 16:00-19:00:
– Երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր, ժամը 10:00-13:00 եւ 16:00-19:00:

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

———————————————————————-

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻ – ԶԱԼՔԱ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

ՇԱԲԱԹ, 24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016 ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ

Կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Մարգարէութիւններու ընթերցում
Կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին Խթման Ս. պատարագ
Կէս գիշեր ժամը 12:00-ին Ծննդեան Ս. պատարագ

Կը պատարագէ եւ կը քարոզէ Արհի. Գէորգ եպս. Ասատուրեան

  • Հիւրասիրութիւն

ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016 Ս. ԾՆՈՒՆԴ ՏԷՐ ՄԵՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Ժամը 8:30-ին Ս. պատարագ
ժամը 10:30-ին Ձայնաւոր Ս. պատարագ

Կը պատարագէ եւ կը քարոզէ Արհ. Գէորգ եպս. Խազումեան

  • Շնորհաւորութիւններու փոխանակում

———————————————————————-

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ`
ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ կու գանք յայտարարելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին, ինչպէս նաեւ հայաստանեայց եկեղեցւոյ սարկաւագներուն տօնն է:

Այս առիթով Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութիւն, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ներկայութեամբ թեմիս հոգեւորականաց դասուն, սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն:

Արարողութեան պիտի նախագահէ եւ հայրական պատգամը փոխանցէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմի

Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ` սիրելի՛ հաւատացեալներ, Ս. արարողութեան, քաջալերելու եւ աղօթելու հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ ծառայող բոլոր անդամներուն ու մասնաւորաբար սարկաւագներուն` իրենց տօնին առիթով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

———————————————————————-

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՇԱԲԱԹ,  24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016

– Մսուրի բացում եւ գեղարուեստական յայտագիր` Ս. Ծննդեան շարականներ եւ հոգեւոր երգեր:
Կէսօրէ ետք ժամը 5.00-ին` «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:

ԿԻՐԱԿԻ,  25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016

– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին:
– Երեկոյեան նախատօնակ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին` ժամը 6:30-ին:

ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Ներկայութեամբ` Լիբանանի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն:

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Լալա, Սարհատ եւ Պետօ Տէմիրճեան ընտանիքները շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին, ՀՅԴ Բիւրոյին եւ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեանց, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, հեռախօսով, ե-նամակով, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ եւ այլ միջոցներով մասնակից դարձան իրենց հօր` ԱՐԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան սուգին:

———————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԺՈՐԺԷԹ ՕՐՏՈՂԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՅԱԿՈԲ ՏՈՒՏԱՔԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

———————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաշուապահուհի մը, նուազագոյնը` 2 տարուան փորձառութեամբ:

Հայերէն գիտնալը` պայման: Դիմողը պէտք է տիրապետէ անգլերէնին եւ արաբերէնին:

Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին.

yep.managment@gmail.com

———————————————————————-

ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ

Կը ստանձնենք հիւանդներու եւ ծերերու հոգատարութիւն: Հեռ. 01-680715:

———————————————————————-

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ

Տիկին Արմիկ Մազլումեան իր ամուսնոյն` տոքթ. Սարգիս Մազլումեանի մահուան 3-րդ տարելիցին առիթով կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը 300$:

(23 դեկտեմբեր 2016)

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>