ՀՅԴ-Ի 126-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարիամ Աստուրեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Քարոլին
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Էլիզապեթ Սիսլեան եւ զաւակները` Ժան-Փիեռ եւ Յակոբ-Սեւակ
Տիկին Սիլվարդ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիար Լութֆիկ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարօ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիար Յովսէփ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մեսրոպ Աստուրեան եւ զաւակունք
Աստուրեան եւ Սիսլեան ընտանիքներ
Եմեզեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Մահտեսեան եւ Ճէրէճեան ընտանիքներ
Գաբրիէլեան եւ Թերզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՄՈՒՐԱՏ ԱՒԵՏԻՍ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1933-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 9 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ չորեքշաբթի, 11 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, ԼՕԽ-ի «Անահիտ» ակումբին մէջ, Մար Եուսեֆ, գրատուն Հալիմի դիմաց, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ հինգշաբթի, 12 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղին:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծհօր, եղբօր, հօրեղբօր, հարազատին եւ ընկերոջ
ԵՐՈՒԱՆԴ ԱՊԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ՝ Հալէպ 1922-ին)
մահը, որտեղի ունեցաւ Յունուար 1, 2017-ին, Պրիւքսել, Պելճիքա:
Սգակիրները՝
Դուստրը՝ Միրնա Ապաճեան
Զաւակը՝ Անտրէ եւ Սանտրա, եւ թոռնուհին՝Նորա Ապաճեան:
Քոյրը՝Պիաթրիս Սիմոնեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Գրիգոր եւ Ժուլիէթ Ապաճեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Բիւզանդ Ապաճեան եւ ընտանիք
Եւ համակն Ապաճեան, Սիմոնեան, Տաղլեան-Գազանճեան, Նազարեան, Գարամանուկեան, Շնորհոքեան, Քէյվանեան, Պոտուրեան, Աթայեան, Էքիզեան եւ Մկրտիչեան ընտանիքներ
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին այսօր՝ Չորեքշաբթի, 11 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պրիւքսելի Ս. Մարիամ-Մատլէն եկեղեցւոյ մէջ, Kindermans 1A St., 1050 Ixelles, Brussels:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել
Armenian Apostolic Marie-Madeleine Church of Brussels.
Bank account details:
BNP PARIBAS FORTIS
Account no.: 2710 0815 6419
IBAN: BE39 2710 0815 6419
BIC: GEBABEBB 36A
Please include the mention “In memory of Yervant Abadjian”
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Մինաս Ահարոնեան եւ զաւակունք
Տիար Խաչիկ Ահարոնեան
Օրդ. Անի Ահարոնեան
Հանգուցեալ Լեւոն Սւաքճեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Սւաքճեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Հերմինէ Հալվաճեանի ընտանիք
Տիկին Արմինէ Ազնաւուրեան եւ զաւակը` Վարդան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ, խնամիին եւ հարազատին`
ԼՈՒՍԻՆ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՍՒԱՔՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 9 յունուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 10 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Մինայի Ազգային գերեզմանատունը, Թրիփոլի:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, չորեքշաբթի, 11 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ հինգշաբթի, 12 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
———————————————————————-
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵԿԵՂԵՑԻ-ՀԱՅԱՇԵՆ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ մատաղօրհնէք կատարուի կիրակի, 15 յունուար 2017-ին:
Այն ուխտաւորները եւ ազգայինները, որոնք կը փափաքին ոչխար կամ փոխան ոչխարի նուիրատուու-թիւն կատարել, թող բարեհաճին կապուիլ թաղականութեան` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն. 01-328474 կամ 01-328487:
ԾԱՆՕԹ.- Ոչխարները պէտք է եկեղեցի հասած ըլլան առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 13 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00:
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՊԱՏՄԱ-ԲԱՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ»
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ
Հեղինակ` ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ
Տպարան` DESIGN KESDENIAN
Պէյրութ, 2016
———————————————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 71/690035:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ