———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ռոզեթ Գրիգորեան եւ զաւակները` Կարօ, Կայէլ, Կասիա եւ Կարին
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մարկօ Գրիգորեան եւ զաւակները` Հայկ, Հերա եւ Հրակ
Տէր եւ տիկին Մարիօ եւ Ֆլորա Լուբիանօ (Իտալիա)
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Սեւան Մուրատեան եւ զաւակը` Կարօ
Տէր եւ տիկին Ալեքսանտրօ Լուբիանօ (Իտալիա)
Տէր եւ տիկին Ռիքարտօ Լուբիանօ եւ դուստրերը (Իտալիա)
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Կասիա Գարկայեան եւ դուստրը
Գրիգորեան եւ Փամպուքեան ընտանիքներ
Լուբիանօ եւ Մուրատեան ընտանիքներ
Գարկայեան եւ Հատտատ ընտանիքներ
Ճամխարեան եւ Զուլամեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Թոփճեան ընտանիքներ
Սուլահեան եւ Մալաքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՏԼԵՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆի
(Ծնեալ` Փամպուքեան, 1927-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 11 յունուար 2017-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, «Հարուն» հիւանդանոցին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 13 յունուարին կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան -Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 14 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ, իսկ կիրակի, 15 յունուարին, հանգուցեալին զաւկին` Կարօ Գրիգորեանի բնակարանին մէջ, «Սիմիտեան» շէնք, Պլոք Գառնի, 6-րդ յարկ:
———————————————————————-
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ (ՀԱՅԱՇԷՆ)
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը կիրակի, 15 յունուար 2017-ին մատուցուելիք Ս. եւ անմահ պատարագին եւ մատաղօրհնէքին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով:
Պիտի պատարագէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 8:00-ին |
Մատաղօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Հրաւիրուած են մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակցելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ ԵՂԲ. ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի
կիրակի, 15 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Ծանօթ.- Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի ակումբին մէջ:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԳԱԼՈՒՍՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆի (մահացած` Քանատա) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յունուար 2017-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՐՔԱՅ ՍԱՂՊԱԶԱՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յունուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՏԱԳԷՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յունուար 2017-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԱՏԼԵՆ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յունուար 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԳԷՈՐԳ ՆԱԶԱՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով յիշատակի պաշտամունք պիտի կատարուի կիրակի, 15 յունուար 2017-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, առաւօտեան ժամը 10:00-ին
———————————————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔ
Ազգային Միացեալ Վարժարանը կարիքն ունի վարչական պատասխանատուի մը, հաշուապահի մը, գանձապահի մը եւ գործադիր քարտուղարի մը։
Թեկնածուները պարտին ունենալ համապատասխան վկայականներ եւ փորձառութիւն։
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի դիմել uacc@armprelacylb.org հասցէին։
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
———————————————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Ազգային Առաջնորդարանը կարիքը ունի գանձապահի մը։ Թեկնածուն պարտի ունենալ համապատասխան վկայական եւ փորձառութիւն։
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի ներկայանալ Ազգային Առաջնորադարան եւ դիմել դիւանապետին։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
———————————————————————-
ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻ
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի ընկերային գրասենեակին մէջ աշխատող փորձառու պաշտօնեայի մը, ինչպէս նաեւ հիւանդապահուհիի մը:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ կամ իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել arcl-absma@hotmail.com հասցէին:
Հեռ. 01/253793-4-5
———————————————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 71/690035:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ