———————————————————————-
«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.
Մեր Ընթերցողներուն
«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս 90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:
Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:
Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Լիզա Հազարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Ալին Հազարեան եւ զաւակունք
Տիկին Սօսի Հազարեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Մեսրոպ Մարանքոզեանի ընտանիք
Տիկին Էօժենի Շաղֆաքլեան եւ զաւակունք
Տիկին Մակի Քասսիս եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Անժել Մելիքեանի ընտանիք
Հազարեան եւ Մարանքոզեան ընտանիքներ
Նաճարեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Բրուտեան եւ Հուրանի ընտանիքներ
Տիլար ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ԷԼԻԶ ՀԱԶԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Մարանքոզեան)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 14 յունուար 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 16 յունուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, հանգուցեալի զաւկին բնակարանը` «Մարինա Պէյ Ռեզիտընս», Տըպպայէ, 4-րդ յարկ, իսկ երեքշաբթի 17 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Յասմիկ Սալիպեան եւ զաւակունք
Տոքթ. Մոսի Սալիպեան
Օրդ. Կասիա Սալիպեան
Հանգուցեալ Ճորճ Սալիպեանի զաւակները
Աւօ Սալիպեան եւ զաւակունք
Տոքթ. Մովսէս Սալիպեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Սիլվա Մալաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Զարուհի Սալիպեան եւ զաւակունք
Օրդ. Տայեն Տէր Պետրոսեան
Օրդ. Լուսին Թապաքեան
Սալիպեան եւ Քիրիշեան ընտանիքներ
Թապաքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՐՍԻՆԷ ՍԱԼԻՊԵԱՆԻ
(ՕԼԿԱ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 15 յունուար 2017-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 16 յունուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Քաղաքի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ երեքշաբթի, 17 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻՆ
Սիրելի՛ հայրենակից,
Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի ոգեկոչէ Մարաշի աղէտին 97-րդ տարելիցը:
Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն հոգիներուն համար:
Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն` յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի` | Յաւարտ Ս. պատարագի |
Ս. Փրկիչ եկեղեցի` | առաւօտեան Ժամը 10:00-ին |
Հայ աւետարանական եկեղեցի` | առաւօտեան Ժամը 10:00-ին |
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեանս նորակառոյց «Գերմանիկ» սրահը` հոգեսուրճ առնելու եւ յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Թորիկեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նաեւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին` ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆի մահուան սուգին:
———————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Մարութեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, նուիրատուութեամբ, ծաղկեպսակով, հեռաձայնով կամ այլապէս մասնակից դարձան իրենց մօր եւ հարազատին` ՄԱՏԼԵՆ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆի մահուան սուգին:
———————————————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔ
Ազգային Միացեալ Վարժարանը կարիքն ունի վարչական պատասխանատուի մը, հաշուապահի մը, գանձապահի մը եւ գործադիր քարտուղարի մը։
Թեկնածուները պարտին ունենալ համապատասխան վկայականներ եւ փորձառութիւն։
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի դիմել uacc@armprelacylb.org հասցէին։
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
———————————————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Ազգային Առաջնորդարանը կարիքը ունի գանձապահի մը։ Թեկնածուն պարտի ունենալ համապատասխան վկայական եւ փորձառութիւն։
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի ներկայանալ Ազգային Առաջնորադարան եւ դիմել դիւանապետին։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
———————————————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 71/690035:
———————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեանի մահուան առիթով
տիկին Շաքէ Շիմշիրեան 100.000 լ.ո. կը նուիրէ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ