Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (17 Յունուար 2017)

$
0
0

126amyagcolor

———————————————————————-

«ԱԶԴԱԿ»-Ի
ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

«Ազդակ»-ի ցրուումի բաժանմունքը, թերթը Լիբանանի տարբեր շրջաններ հասցնելու եւ հեռակայ շրջաններէն եւս բաժանորդներ հաւաքագրելու նպատակով աշխատանքները վերակազմակերպելու ընթացքին մէջ է: Ստորեւ կը ներկայացնենք այն շրջաններն ու գրախանութները, ուր կարելի է գտնել «Ազդակ»-ը:

Արեւմտեան Պէյրութ
Ինթըրնեշընըլ
Հիշապի
Նայիմ Սալեհ
Ուէյ Ին
Անթուան
Քորթասիյա
Վալիզա
Ֆեպրիանօ
Անթուան (Վերտեն)
Մոհամէտ Սայէտ

 

Մար Մըխայէլ, Էշրեֆիէ
Տօնիկեան
Շիրակ
Ժեհթաուի
Ժան Փիեռ
Անի
Ֆարահ
Անթուան
Լը Փուան
Անթուան (Ա. Պէ. Սէ.)
Ազատամարտ
Պոլիվար
Մանօ-Գէւօ

Պուրճ Համուտ, Տորա,
Պաուշրիէ, ժտէյտէ
Սուֆի
Հասսուն
Սթիւտիօ Հոլիվուտ
Հաժ Նիքոլա
Էլիաս-Ժոնի
Մարքոս
Ժապպուր եղբարք
Հապիպ Պու Հապիպ
Հալիմ
Քամալ
Զիատ
Լը Պարոն
Մատի (1)
Հապիպ Հապիպ
Մատի (2)
Համազգային
Շիրազ
Աշակերտին բարեկամը
Մինի մարքեթ Հարպիկ
Ազնաւոր
Սանթրալ

Նարեկացի
Ժապիսի 2 

Զալքա, Ժալ Էլ Տիպ, Անթիլիաս, Տըպպայէ, Պըսալիմ
Ֆարահ
Ժամիլ
Ապու Ժաուտէ
Աամա
Մուաուատ
Ալամ
Հայքալ
Պու Հապիպ
Քըրտահի
Օպելիքս
Ալ Ֆըննիյա
Մելըք
Ա. Պէ. Սէ. Անթուան
Խուրիտ
Ռայի
Իտէալ

Մանսուրիյէ, Պէյթ Մերի, Աուքար, Ռապիէ, Հազմիէ
Մատի (1)
Մատի (2)
Մատի (3)
Ֆատի
Քարթըրի
Ժոել Հալիլ
Մատի (4)
Քալամոս
Ինթիւսիոն
Սաֆիր
Քիթեպ Հազմիէ
Սուփըրմարքէթ Հազմիէ
Մինի մարքեթ Ասաատ
Պիքֆայա, Պթըղրին, Պոլոնիա, Մըրուժ
Սայտի
Լավիտա
Միշել
Տաղեր
Մար Թաքլա
Ժան Քլոտ
Սուփըրմարքեթ Իպրահիմ Սըմահա
Սալիպա
Ֆոթօ Էլի
Տար Միշել

 

———————————————————————-

«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.

Մեր Ընթերցողներուն

aztag-90_113016

«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս  90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:

Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:

Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:

«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Լիզա Հազարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Ալին Հազարեան եւ զաւակունք
Տիկին Սօսի Հազարեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Մեսրոպ Մարանքոզեանի ընտանիք
Տիկին Էօժենի Շաղֆաքլեան եւ զաւակունք
Տիկին Մակի Քասսիս եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Անժել Մելիքեանի ընտանիք
Հազարեան եւ Մարանքոզեան ընտանիքներ
Նաճարեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Բրուտեան եւ Հուրանի ընտանիքներ
Տիլար ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`

ԷԼԻԶ ՀԱԶԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Մարանքոզեան)

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 14 յունուար 2017-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 16 յունուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուիեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալի զաւկին բնակարանը` «Մարինա Պէյ Ռեզիտընս», Տըպպայէ, 4-րդ յարկ, երեքշաբթի 17 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: 

———————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Յասմիկ Սալիպեան եւ զաւակունք
Տոքթ. Մոսի Սալիպեան
Օրդ. Կասիա Սալիպեան
Հանգուցեալ Ճորճ Սալիպեանի զաւակները
Աւօ Սալիպեան եւ զաւակունք
Տոքթ. Մովսէս Սալիպեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Սիլվա Մալաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Զարուհի Սալիպեան եւ զաւակունք
Օրդ. Տայեն Տէր Պետրոսեան
Օրդ. Լուսին Թապաքեան
Սալիպեան եւ Քիրիշեան ընտանիքներ
Թապաքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԱՐՍԻՆԷ ՍԱԼԻՊԵԱՆԻ
(ՕԼԿԱ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 15 յունուար 2017-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 16 յունուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Քաղաքի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, երեքշաբթի, 17 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

———————————————————————-

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ     
«ԽՕՍՆԱԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Կը բանախօսէ հայրենի գրականագէտ`
ԴՈԿՏ. ՓՐՈՖ. ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Տնօրէն` «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի

Նիւթ`

«ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 20 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ:

– Գեղարուեստական յայտագիր
– Հիւրասիրութիւն

ՀՐԱՒԷՐ

———————————————————————-

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻՆ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի ոգեկոչէ Մարաշի աղէտին 97-րդ տարելիցը:

Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ կիրակի, 22 յունուար 2017-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն հոգիներուն համար:

Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն` յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի` Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի` առաւօտեան Ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի` առաւօտեան Ժամը 10:00-ին

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեանս նորակառոյց «Գերմանիկ» սրահը` հոգեսուրճ առնելու եւ յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————-

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին կազմակերպած վիճակահանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար հինգշաբթի, 19 յունուար 2017-ին, յետաձգուած է մինչեւ հինգշաբթի, 2 մարտ 2017:

———————————————————————-

 

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔ

Ազգային Միացեալ Վարժարանը կարիքն ունի վարչական պատասխանատուի մը, հաշուապահի մը, գանձապահի մը եւ գործադիր քարտուղարի մը։
Թեկնածուները պարտին  ունենալ համապատասխան վկայականներ եւ փորձառութիւն։

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի դիմել uacc@armprelacylb.org  հասցէին։

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

———————————————————————-

ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ

Ազգային Առաջնորդարանը կարիքը ունի գանձապահի մը։ Թեկնածուն պարտի ունենալ համապատասխան վկայական եւ փորձառութիւն։

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի ներկայանալ Ազգային Առաջնորադարան եւ դիմել դիւանապետին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

———————————————————————-

ԾԱԽՈՒ Է

Բացառիկ յարկաբաժին, 250 քառ. մեթր, որուն 50 քառ. մեթրը` թերաս, գեղատեսիլ դիրք (ծով եւ լեռ), «Օ. Էն. Սի.» եւ «Աուն» սուփըրմարքեթներու ներսի ճամբուն վրայ, «Տոքթ. Սալհապ» փողոց: Դիմել` հեռ. 04-408510:

———————————————————————-

 ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏ­ՌԷ

Տա­րեց­նե­րու եւ հիւ­անդ­նե­րու հո­գա­տա­րու­թիւն: Դի­մել` հեռ. 71/690035:

———————————————————————-

 

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017

———————————————————————-

sofia-kravvadz-or


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>