Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (24 Յունուար 2017)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Յակոբ Աստուրեան
Օրդ. Գարոլին Աստուրեան
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Էլիզապեթ Սիսլեան եւ զաւակները` Ժան-Փիեռ եւ Յակոբ-Սեւակ
Տիկին Սիրվարդ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիար Լութֆիկ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարօ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիար Յովսէփ Աստուրեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մեսրոպ Աստուրեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Աստուրեան եւ Սիսլեան ընտանիքներ
Եմեզեան եւ Մահտեսեան ընտանիքներ
Ճէրէճեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Խուրի եւ Գաբրիէլեան ընտանիքներ
Թերզեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`

ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՍԱՉՄԱՃԵԱՆ, 1938-ին)

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 23 յունուար 2017-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 24 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի, 25 յունուարին, հանգուցեալին բնակարանը, Մար Եուսեֆ:

———————————————————————-

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
126-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ` «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ

 

Չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին

Մտաւորականութիւն, գաղափարաբանութիւն եւ մշակոյթ

Մասնակցութեամբ` Յովիկ Պէրթիզլեանի եւ Յակոբ Եափուճեանի

Հինգշաբթի, 26 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին

Դաշնակցական Մամուլը

Մասնակցութեամբ` Շահան Գանտահարեանի

Ուրբաթ, 27 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օր, հաշուետուութիւն եւ ծրագիրներ

Մասնակցութեամբ` Յակոբ Հաւաթեանի

Հարցազրոյցները կը վարէ`
ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ

———————————————————————-

126amyagcolor

———————————————————————-

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Լիբանանի տարածքին գործող 86 գրախանութներու մէջ, որոնց ցանկը հրապարակած էինք նախապէս, կարելի է գտնել «Ազդակ», առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ: «Ազդակ»-ի առաքումները վերսկսած են դէպի Դամասկոս: Կը քննուին կարելիութիւնները Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի եւ Հալէպ «Ազդակ»-ը վերստին առաքելու: Լիբանանի մէջ մեր բաժանորդները, յատկապէս հայահոծ թաղամասերու եւ շրջաններու մէջ բնակող, կը ստանան թերթը բաժանորդագրութեան դրութեամբ եւ «Ազդակ»-ի ցրուիչներուն ճամբով:

Հեռակայ շրջաններ ապրող մեր ընթերցողներուն համար եւս լիբանանեան թերթերու ցրուումի ընկերութեան հետ նոր համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք, օրաթերթը կարելի պիտի ըլլայ բաժանորդագրութեան դրութեամբ հասցնել մարդոց բնակարանները կամ աշխատատեղիները, առաւօտեան կանուխ ժամերուն: Յատկապէս Արեւմտեան Պէյրութի, Հազմիէի, Էշրեֆիէի տարբեր թաղամասերու, Ժունիէի, Զահլէի, գիւղական եւ  այլ հեռակայ շրջաններ ապրող բնակիչները կրնան բաժանորդագրուիլ «Ազդակ»-ին` հեռաձայնելով խմբագրութիւն, ցրուումի բաժին` 01-260115 եւ 03-308 639 թիւերուն:

Թերթի ցրուումին հետ կապուած որեւէ հարցի պարագային, ընթերցողները կրնան կապ հաստատել ցրուումի բաժին` հեռաձայնելով վերոյիշեալ թիւերուն:

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ

———————————————————————-

«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.

Մեր Ընթերցողներուն

 

«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս  90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:

Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:

Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:

«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————-

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահութեան յանձնախումբ
եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

Տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:

Շարքին հինգերորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017-ին:

«ՄԻԶԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ԷԼԻ ԹԱՇՃԵԱՆ
(Ընդհանուր մարմնի բժիշկ)

———————————————————————-

ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ

 

Կաթողիկոսարանը կարիքը ունի լիաժամ քարտուղարուհիի մը` տեղեկատուութեան եւ համակարգչային արհեստագիտութեան հմուտ: Ենթական պարտի ունենալ հայերէնի շատ լաւ ծանօթութիւն: Արաբերէն եւ օտար լեզուներ գիտնալը կարեւոր առաւելութիւն է:

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ները ուղարկել հետեւեալ հասցէին. media@armenianorthodoxchurch.org

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

 

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017

———————————————————————-

sofia-kravvadz-or

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

4 ՄԱՅԻՍ 2017

———————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

23 եւ 24 յունիս

Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,

իսկ 18 յունիս`

պալէ:

29 յունիս`

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>