ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անայիս Հրեշտակեան
Օրդ. Լենա Հրեշտակեան
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Սալբի Եթերեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Արա եւ Ռիթա Աճէմեան եւ զաւակները` Դալար եւ Լոռի
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Անի Շահինեան եւ զաւակունք
Օրդ. Թալին Շահինեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Արա Հրեշտակեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Օննիկ Դերձակեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սիմոն Սիմոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարպիս Սիմոնեան եւ զաւակունք
Հրեշտակեան եւ Շահինեան ընտանիքներ
Եթերեան եւ Աճէմեան ընտանիքներ
Սիմոնեան եւ Դերձակեան ընտանիքներ
Տէտէեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Աստուրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՏԻԳՐԱՆ ՀՐԵՇՏԱԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1930-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 23 յունուար 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 25 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 26 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
«ԼՕԽ-Ի ՁԱՅՆ»-Ը ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Այսօր` չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017-ին «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն ունկնդրեցէք «ԼՕԽ-ի Ձայն»-ը յայտագիրը, որ պիտի սփռուի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Հարցազրոյցին նիւթն է «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութիւնը:
———————————————————————-
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
126-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ` «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ
Չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին
Մտաւորականութիւն, գաղափարաբանութիւն եւ մշակոյթ
Մասնակցութեամբ` Յովիկ Պէրթիզլեանի եւ Յակոբ Եափուճեանի
Հինգշաբթի, 26 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին
Դաշնակցական Մամուլը
Մասնակցութեամբ` Շահան Գանտահարեանի
Ուրբաթ, 27 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օր, հաշուետուութիւն եւ ծրագիրներ
Մասնակցութեամբ` Յակոբ Հաւաթեանի
Հարցազրոյցները կը վարէ`
ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
———————————————————————-
———————————————————————-
ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ
Լիբանանի տարածքին գործող 86 գրախանութներու մէջ, որոնց ցանկը հրապարակած էինք նախապէս, կարելի է գտնել «Ազդակ», առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ: «Ազդակ»-ի առաքումները վերսկսած են դէպի Դամասկոս: Կը քննուին կարելիութիւնները Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի եւ Հալէպ «Ազդակ»-ը վերստին առաքելու: Լիբանանի մէջ մեր բաժանորդները, յատկապէս հայահոծ թաղամասերու եւ շրջաններու մէջ բնակող, կը ստանան թերթը բաժանորդագրութեան դրութեամբ եւ «Ազդակ»-ի ցրուիչներուն ճամբով:
Հեռակայ շրջաններ ապրող մեր ընթերցողներուն համար եւս լիբանանեան թերթերու ցրուումի ընկերութեան հետ նոր համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք, օրաթերթը կարելի պիտի ըլլայ բաժանորդագրութեան դրութեամբ հասցնել մարդոց բնակարանները կամ աշխատատեղիները, առաւօտեան կանուխ ժամերուն: Յատկապէս Արեւմտեան Պէյրութի, Հազմիէի, Էշրեֆիէի տարբեր թաղամասերու, Ժունիէի, Զահլէի, գիւղական եւ այլ հեռակայ շրջաններ ապրող բնակիչները կրնան բաժանորդագրուիլ «Ազդակ»-ին` հեռաձայնելով խմբագրութիւն, ցրուումի բաժին` 01-260115 եւ 03-308 639 թիւերուն:
Թերթի ցրուումին հետ կապուած որեւէ հարցի պարագային, ընթերցողները կրնան կապ հաստատել ցրուումի բաժին` հեռաձայնելով վերոյիշեալ թիւերուն:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ
———————————————————————-
«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.
Մեր Ընթերցողներուն
«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս 90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:
Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:
Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակը կը շարունակէ ընդունիլ գրական-գեղարուեստական գործեր, առ ի հրատարակութիւն:
Հիմնադրամը 2016-ին հրատարակեց հետեւեալ հատորները.
1.- Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Սուրիական օրագրութիւն» արձակ գործը:
2.- Քեմալ Եալչընի «Վերապրողները» արձակ գործը, թրքերէնէ թարգմանուած` Սալբի Գասպարեանի կողմէ:
3.- Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար» քնարավէպը:
4.- Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», Դ. հատոր (վերահրատարակութիւն):
5.- Ներսէս Ա. քհնյ. Ներսէսեանի «Նախնական եկեղեցու մտքի զարգացման պատմական պատկերը» յօդուածներու ժողովածուն:
6.- Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին» վէպը:
Շուտով լոյս կը տեսնէ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» Ե. հատորը (վերահրատարակութիւն):
Կոչ կ՛ուղղենք սփիւռքի մեր գրողներուն, որոնք անտիպ գործեր ունին հրատարակելի, կապ պահելու հիմնադրամի յանձնախումբին հետ հետեւեալ հասցէով
chancellor@armenianorthodoxchurch.org
ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ
ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
———————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամը կը շարունակէ ընդունիլ գրական-գեղարուեստական գործեր, առ ի հրատարակութիւն:
Հիմնադրամը 2016-ին հրատարակեց Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանի My Grandparents՛ Odyssey, From Urfa and Germir to Beirut յուշագրական գործը եւ Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան», Զ. հատորը:
Շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ Արա Արծրունիի «Ծուէնները» վիպակը, Կորիւն արք. Պապեանի ուսումնասիրութիւններու հատորը եւ այլ գործեր:
Կոչ կ՛ուղղենք սփիւռքի մեր գրողներուն, որոնք անտիպ գործեր ունին հրատարակելի, կապ պահելու հիմնադրամի յանձնախումբին հետ հետեւեալ հասցէով chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՈԼԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
———————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան «Արցախ ֆոնտ»-ի գրասենեակ ներկայացան ներկայացուցիչները խումբ մը երիտասարդներու, որոնք իրենց հետ բերին Ս. Ծննդեան գիշերը Արեւմտեան Պէյրութի բնակարաններէն` տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած Աւետումէն գոյացած գումարը` 320$ եւ 562.000 լիբ. ոսկի, նուիրելու «Արցախ ֆոնտ»-ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին:
«Արցախ ֆոնտ»-ը բարձրօրէն կը գնահատէ ուշագրաւ ու աւանդապահ այս նախաձեռնութիւնը, որ շահեկան եւ օրինակելի է եւ արդէն ունի երկար տարիներու հետեւողականութիւն:
Նշենք, որ Արցախեան տօնավաճառի առիթով Ազգային մը նուիրեց 100.000 լ. ո., իսկ «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին» խումբ մը ազգայիններ` 1200$
ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»
———————————————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիկին Սոնա Մէյվալեան-Կիւրիւնեան, օրիորդներ Անի եւ Լենա Կիւրիւնեաններ, տիկին Հիլտա Կիւրիւնեան-Քֆուրի եւ դստերք` Մայա եւ Լիլի, շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, արհիապատիւ եւ գերաշնորհ եպիսկոպոսներուն, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներուն, արժանապատիւ քահանաներուն, առաքինազարդ քոյրերուն, Լիբանանի պետական ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններուն, նախարարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին` ԺՈՐԺ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆի մահուան սուգին:
———————————————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Կաթողիկոսարանը կարիքը ունի լիաժամ քարտուղարուհիի մը` տեղեկատուութեան եւ համակարգչային արհեստագիտութեան հմուտ: Ենթական պարտի ունենալ հայերէնի շատ լաւ ծանօթութիւն: Արաբերէն եւ օտար լեզուներ գիտնալը կարեւոր առաւելութիւն է:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ները ուղարկել հետեւեալ հասցէին. media@armenianorthodoxchurch.org
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի Պուրճ Համուտի իր վաճառատան ցուցադրասրահին մէջ աշխատող օրիորդի մը: Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել e-mail: hr@georgisabounjian.com.lb կամ հեռաձայնել 09-477778 թիւին:
———————————————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869 կամ 01-680715:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
23 եւ 24 յունիս
Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,
իսկ 18 յունիս`
պալէ:
29 յունիս`
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս: