ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
126-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ` «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ
Հինգշաբթի, 26 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին
Դաշնակցական Մամուլը
Մասնակցութեամբ` Շահան Գանտահարեանի
Ուրբաթ, 27 յունուար 2017, կէսօրուան ժամը 12:00-ին
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օր, հաշուետուութիւն եւ ծրագիրներ
Մասնակցութեամբ` Յակոբ Հաւաթեանի
Հարցազրոյցները կը վարէ`
ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
———————————————————————-
———————————————————————-
———————————————————————-
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԺՈՐԺ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 յունուար 2017-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————-
ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ
Լիբանանի տարածքին գործող 86 գրախանութներու մէջ, որոնց ցանկը հրապարակած էինք նախապէս, կարելի է գտնել «Ազդակ», առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ: «Ազդակ»-ի առաքումները վերսկսած են դէպի Դամասկոս: Կը քննուին կարելիութիւնները Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի եւ Հալէպ «Ազդակ»-ը վերստին առաքելու: Լիբանանի մէջ մեր բաժանորդները, յատկապէս հայահոծ թաղամասերու եւ շրջաններու մէջ բնակող, կը ստանան թերթը բաժանորդագրութեան դրութեամբ եւ «Ազդակ»-ի ցրուիչներուն ճամբով:
Հեռակայ շրջաններ ապրող մեր ընթերցողներուն համար եւս լիբանանեան թերթերու ցրուումի ընկերութեան հետ նոր համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք, օրաթերթը կարելի պիտի ըլլայ բաժանորդագրութեան դրութեամբ հասցնել մարդոց բնակարանները կամ աշխատատեղիները, առաւօտեան կանուխ ժամերուն: Յատկապէս Արեւմտեան Պէյրութի, Հազմիէի, Էշրեֆիէի տարբեր թաղամասերու, Ժունիէի, Զահլէի, գիւղական եւ այլ հեռակայ շրջաններ ապրող բնակիչները կրնան բաժանորդագրուիլ «Ազդակ»-ին` հեռաձայնելով խմբագրութիւն, ցրուումի բաժին` 01-260115 եւ 03-308 639 թիւերուն:
Թերթի ցրուումին հետ կապուած որեւէ հարցի պարագային, ընթերցողները կրնան կապ հաստատել ցրուումի բաժին` հեռաձայնելով վերոյիշեալ թիւերուն:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ
———————————————————————-
«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.
Մեր Ընթերցողներուն
«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս 90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:
Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:
Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
Կ՛երգէ` հայրենի սիրուած երգիչ`
ՎԱՐԴԱՆ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ` ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017-ԻՆ, ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԸ 8:00-ԻՆ, «ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ, ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ:
Սակ` 25.000, 20.000 եւ 15.000 լիբ. ոսկի
ԾԱՆՕԹ.- Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել 71-147481 եւ 03-790174 թիւերուն:
———————————————————————-
Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ`
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ
Նախագահութեամբ`
ՏԻԿԻՆ ԱԼԻՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Ինթըրքոնթինենթըլ Ֆինիսիա» պանդոկի «Կրանտ Պոլրում»-ին մէջ:
Փափաքողները կրնան հեռաձայնել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, 4-րդ յարկ 01-265359 թիւին, մինչեւ 11 փետրուար 2017:
———————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակը կը շարունակէ ընդունիլ գրական-գեղարուեստական գործեր, առ ի հրատարակութիւն:
Հիմնադրամը 2016-ին հրատարակեց հետեւեալ հատորները.
1.- Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Սուրիական օրագրութիւն» արձակ գործը:
2.- Քեմալ Եալչընի «Վերապրողները» արձակ գործը, թրքերէնէ թարգմանուած` Սալբի Գասպարեանի կողմէ:
3.- Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար» քնարավէպը:
4.- Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», Դ. հատոր (վերահրատարակութիւն):
5.- Ներսէս Ա. քհնյ. Ներսէսեանի «Նախնական եկեղեցու մտքի զարգացման պատմական պատկերը» յօդուածներու ժողովածուն:
6.- Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին» վէպը:
Շուտով լոյս կը տեսնէ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» Ե. հատորը (վերահրատարակութիւն):
Կոչ կ՛ուղղենք սփիւռքի մեր գրողներուն, որոնք անտիպ գործեր ունին հրատարակելի, կապ պահելու հիմնադրամի յանձնախումբին հետ հետեւեալ հասցէով
chancellor@armenianorthodoxchurch.org
ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ
ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
———————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամը կը շարունակէ ընդունիլ գրական-գեղարուեստական գործեր, առ ի հրատարակութիւն:
Հիմնադրամը 2016-ին հրատարակեց Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանի My Grandparents՛ Odyssey, From Urfa and Germir to Beirut յուշագրական գործը եւ Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան», Զ. հատորը:
Շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ Արա Արծրունիի «Ծուէնները» վիպակը, Կորիւն արք. Պապեանի ուսումնասիրութիւններու հատորը եւ այլ գործեր:
Կոչ կ՛ուղղենք սփիւռքի մեր գրողներուն, որոնք անտիպ գործեր ունին հրատարակելի, կապ պահելու հիմնադրամի յանձնախումբին հետ հետեւեալ հասցէով chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՈԼԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
———————————————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Կաթողիկոսարանը կարիքը ունի լիաժամ քարտուղարուհիի մը` տեղեկատուութեան եւ համակարգչային արհեստագիտութեան հմուտ: Ենթական պարտի ունենալ հայերէնի շատ լաւ ծանօթութիւն: Արաբերէն եւ օտար լեզուներ գիտնալը կարեւոր առաւելութիւն է:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ները ուղարկել հետեւեալ հասցէին. media@armenianorthodoxchurch.org
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի Պուրճ Համուտի իր վաճառատան ցուցադրասրահին մէջ աշխատող օրիորդի մը: Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել e-mail: hr@georgisabounjian.com.lb կամ հեռաձայնել 09-477778 թիւին:
———————————————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869 կամ 01-680715:
———————————————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Պոսնոյեան, Տէր Պետրոսեան եւ Մահսէրէճեան ընտանիքներ իրենց ծնողներուն` Զոհրապ եւ Ռիթա Պոսնոյեաններու յիշատակին կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
23 եւ 24 յունիս
Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,
իսկ 18 յունիս`
պալէ:
29 յունիս`
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս: