ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Արփինէ Թորոսեան
Տէր եւ տիկին Աւետիս Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Թորոսեան եւ դուստրը
Տիկին Էլիզ Թորոսեան
Տէր եւ տիկին Կարպիս Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Թորոսեան եւ զաւակունք
Տիկին Երանուհի Թորոսեան
Տէր եւ տիկին Համբարձում Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեպուհ Սվաճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Աւօ Օհանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Օհանեան եւ զաւակունք
Թորոսեան եւ Օհանեան ընտանիքներ
Ինգնատոսեան եւ Արապսէիզեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Սվաճեան ընտանիքներ
Պոյաճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, քեռիին, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԶԱՒԷՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1929-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 26 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 4:00-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 28 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 29 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————-
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԺՈՐԺ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 յունուար 2017-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
———————————————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՏՈՔԹ. ԺԻՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆի (մահացած` Փարիզ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Հանգուցեալին պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
ՅԱԿՈԲ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան քառասունքին եւ ԱՆԺԵԼ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան 30-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 յունուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
———————————————————————-
ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ
Լիբանանի տարածքին գործող 86 գրախանութներու մէջ, որոնց ցանկը հրապարակած էինք նախապէս, կարելի է գտնել «Ազդակ», առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ: «Ազդակ»-ի առաքումները վերսկսած են դէպի Դամասկոս: Կը քննուին կարելիութիւնները Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի եւ Հալէպ «Ազդակ»-ը վերստին առաքելու: Լիբանանի մէջ մեր բաժանորդները, յատկապէս հայահոծ թաղամասերու եւ շրջաններու մէջ բնակող, կը ստանան թերթը բաժանորդագրութեան դրութեամբ եւ «Ազդակ»-ի ցրուիչներուն ճամբով:
Հեռակայ շրջաններ ապրող մեր ընթերցողներուն համար եւս լիբանանեան թերթերու ցրուումի ընկերութեան հետ նոր համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք, օրաթերթը կարելի պիտի ըլլայ բաժանորդագրութեան դրութեամբ հասցնել մարդոց բնակարանները կամ աշխատատեղիները, առաւօտեան կանուխ ժամերուն: Յատկապէս Արեւմտեան Պէյրութի, Հազմիէի, Էշրեֆիէի տարբեր թաղամասերու, Ժունիէի, Զահլէի, գիւղական եւ այլ հեռակայ շրջաններ ապրող բնակիչները կրնան բաժանորդագրուիլ «Ազդակ»-ին` հեռաձայնելով խմբագրութիւն, ցրուումի բաժին` 01-260115 եւ 03-308 639 թիւերուն:
Թերթի ցրուումին հետ կապուած որեւէ հարցի պարագային, ընթերցողները կրնան կապ հաստատել ցրուումի բաժին` հեռաձայնելով վերոյիշեալ թիւերուն:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ
———————————————————————-
«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ.
Մեր Ընթերցողներուն
«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս 90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու:
Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք պատճէնահանել եւ իսկոյն վերադարձնել իրենց տէրերուն:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին, որոնց նեցուկով եւ քաջալերանքով կը գոյատեւէ թերթը: Կը հաւատանք, որ միասնաբար պիտի կարենանք ըստ արժանւոյն նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը:
Կարելի է կապուիլ հեռաձայնով` 01260115- 01-248043 թիւերուն եւ կամ ե-նամակով`info@aztagdaily.com հասցէին:
«ԱԶԴԱԿ»-Ի 90-ԱՄԵԱԿԻ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————-
ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ
Մեծայարգ`
Պրն. Րաֆֆի Թիւթիւնճեան
Յարգելի՛ պարոն,
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս, ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2016 թուականին կայացուցած իր նիստին, որուն ներկայ չգտնուեցաք, զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:
Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ` պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:
Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
———————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
Կ՛երգէ` հայրենի սիրուած երգիչ`
ՎԱՐԴԱՆ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ` ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017-ԻՆ, ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԸ 8:00-ԻՆ, «ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ, ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ:
Սակ` 25.000, 20.000 եւ 15.000 լիբ. ոսկի
ԾԱՆՕԹ.- Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել 71-147481 եւ 03-790174 թիւերուն:
———————————————————————-
Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ`
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ
Նախագահութեամբ`
ՏԻԿԻՆ ԱԼԻՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Ինթըրքոնթինենթըլ Ֆինիսիա» պանդոկի «Կրանտ Պոլրում»-ին մէջ:
Փափաքողները կրնան հեռաձայնել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, 4-րդ յարկ 01-265359 թիւին, մինչեւ 11 փետրուար 2017:
———————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակը կը շարունակէ ընդունիլ գրական-գեղարուեստական գործեր, առ ի հրատարակութիւն:
Հիմնադրամը 2016-ին հրատարակեց հետեւեալ հատորները.
1.- Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Սուրիական օրագրութիւն» արձակ գործը:
2.- Քեմալ Եալչընի «Վերապրողները» արձակ գործը, թրքերէնէ թարգմանուած` Սալբի Գասպարեանի կողմէ:
3.- Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար» քնարավէպը:
4.- Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», Դ. հատոր (վերահրատարակութիւն):
5.- Ներսէս Ա. քհնյ. Ներսէսեանի «Նախնական եկեղեցու մտքի զարգացման պատմական պատկերը» յօդուածներու ժողովածուն:
6.- Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին» վէպը:
Շուտով լոյս կը տեսնէ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» Ե. հատորը (վերահրատարակութիւն):
Կոչ կ՛ուղղենք սփիւռքի մեր գրողներուն, որոնք անտիպ գործեր ունին հրատարակելի, կապ պահելու հիմնադրամի յանձնախումբին հետ հետեւեալ հասցէով
chancellor@armenianorthodoxchurch.org
ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ
ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
———————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամը կը շարունակէ ընդունիլ գրական-գեղարուեստական գործեր, առ ի հրատարակութիւն:
Հիմնադրամը 2016-ին հրատարակեց Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանի My Grandparents՛ Odyssey, From Urfa and Germir to Beirut յուշագրական գործը եւ Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան», Զ. հատորը:
Շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ Արա Արծրունիի «Ծուէնները» վիպակը, Կորիւն արք. Պապեանի ուսումնասիրութիւններու հատորը եւ այլ գործեր:
Կոչ կ՛ուղղենք սփիւռքի մեր գրողներուն, որոնք անտիպ գործեր ունին հրատարակելի, կապ պահելու հիմնադրամի յանձնախումբին հետ հետեւեալ հասցէով chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՈԼԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
———————————————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Կաթողիկոսարանը կարիքը ունի լիաժամ քարտուղարուհիի մը` տեղեկատուութեան եւ համակարգչային արհեստագիտութեան հմուտ: Ենթական պարտի ունենալ հայերէնի շատ լաւ ծանօթութիւն: Արաբերէն եւ օտար լեզուներ գիտնալը կարեւոր առաւելութիւն է:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ները ուղարկել հետեւեալ հասցէին. media@armenianorthodoxchurch.org
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
———————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի Պուրճ Համուտի իր վաճառատան ցուցադրասրահին մէջ աշխատող օրիորդի մը: Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել e-mail: hr@georgisabounjian.com.lb կամ հեռաձայնել 09-477778 թիւին:
———————————————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869 կամ 01-680715:
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2017
———————————————————————-
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ԱՊՐԻԼ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2017
———————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
23 եւ 24 յունիս
Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբ,
իսկ 18 յունիս`
պալէ:
29 յունիս`
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի
վկայականաց բաշխման հանդէս: