Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (15 Յուլիս 2017)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ
Օրդ. Սիլվա Յարութիւնեան
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Յարութիւնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թալին Թիւթիւնճեան եւ դուստրը` Լիտիա
Տիկին Թագուհի Տաղլեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սարգիս Յարութիւնեան եւ զաւակունք
Յարութիւնեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներ
Տաղլեան եւ Տրէյպի ընտանիքներ
Միսիսեան եւ Աթիէ ընտանիքներ
Գրիգորեան եւ Ուլուպեան ընտանիքներ
Կէօվշէնեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`

ԺՈՐԺԵԹ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՏԱՂԼԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 14 յուլիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Հարուն» հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 15 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյան ժամը 7:00, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, իսկ կիրակի, 16 յուլիսին, հանգուցեալին բնակարանը:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Ազդակ»-ի ֆոնտին:

—————————————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Սօսի Արթինեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Յարութ
Տէր եւ տիկին Սահակ եւ Մարկրիթ Արթինեան (Անգլիա)
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Պերնատեթ Արթինեան
Տիար Արամ Արթինեան
Տիար Գրիգոր Արթինեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Արթինեան եւ Աւետիքեան ընտանիքներ
Սալամէ եւ Ապի Լամա ընտանիքներ
Եարիտ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՍՈՆԱ ԱՐԹԻՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 14 յուլիս 2017-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 15 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 16 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

 

—————————————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 16 յուլիս 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԼԵՒ­ՈՆ ՍԱՐ­ԳԻ­ՍԵ­Ա­Նի մա­հու­ան քա­ռա­սուն­քին առի­թով հո­գե­հանգս­տե­ան պաշ­տօն պի­տի կա­տա­րու­ի կի­րա­կի, 16 յու­լիս 2017-ին, Նոր Ատա­նա­յի Ս. Աս­տու­ա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ,  յաւ­արտ Ս. պա­տա­րա­գի:

ԱԲ­ԳԱՐ ՍԱՐ­ԳԻ­ՍԵ­Ա­Նի, ՎԱՐ­ԴԱ­ՆՈՒՇ ՀԵ­ՔԻ­ՄԵ­Ա­Նի, ՅԱՍ­ՄԻԿ ՍԱՐ­ԳԻ­ՍԵ­Ա­Նի եւ ՆՇԱՆ ՓԵՀ­ԼԻ­ՎԱ­ՆԵ­Ա­Նի մա­հու­անց յիշ­ա­տա­կին հո­գե­հանգս­տե­ան պաշ­տօն պի­տի կա­տա­րու­ի  կի­րա­կի, 16 յու­լիս 2017-ին, Նոր Ատա­նա­յի Ս. Աս­տու­ա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ, յաւ­արտ Ս. պա­տա­րա­գի:

—————————————————————–

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ, ՊԻՔՖԱՅԱ
7-11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017

Հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 7-11 օգոստոս 2017-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ յատուկ արարողութիւն` նուիրուած միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամին:

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

ԾԱՆՕԹ.- Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ս. Աստուածածին եւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, «Տպարան Տօնիկեան»-ի մօտ, Տորայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Մերսետես» ընկերութեան մօտ եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:

—————————————————————–

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԹԱԹԻԿԵԱՆ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հիմնուած` 1934-ին
Պուրճ Համուտ

2017-2018-Ի ՎԵՐԱՄՈՒՏ`
ՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՏԵՍԻԼՔՈՎ ԵՒ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Արձանագրութիւնները սկսած են եւ կը շարունակուին 4 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր` ժամը 9:00-12:00:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ`

Երկրորդականի Գ. կարգի (պաքալորէա) եւ Միջնակարգի Գ. կարգի (պրէօվէ) դասաւանդութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 11 սեպտեմբերին:

Մնացեալ բոլոր կարգերուն դասաւանդութիւնները կը սկսին երեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

Մանկապարտէզի կրթական տարեշրջանը կը սկսի հինգշաբթի, 28 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

ԾԱՆՕԹ.- Կ՛ընդունինք 1 տարեկան եւ 8 ամսու փոքրիկները ծիլ դասարան, ամիսը 100 տոլար կրթաթոշակով:

ՆՈՐԵԿ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Նորեկ աշակերտներ պարտին ներկայացնել վիճակացոյցի եւ վաւերացուած «իֆետէ»-ի կողքին, բարի վարուց վկայագիր: Նորեկ աշակերտներու մուտքի քննութիւն` ժամադրութեամբ:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————

ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի վկայեալ եւ փորձառու տնօրէնի մը:

Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ները ուղարկել ԼՕԽ-ի հետեւեալ հասցէին` email: info@lokh-arcl.org

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————–

ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ

Փոքր յարկաբաժին մը` գետնայարկ կամ Ա. յարկի վրայ, Պուրճ Համուտ կամ շրջակայքը: Դիմել` հեռաձայնելով 01-243210 թիւին:

—————————————————————–

ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ

Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն` գիշեր-ցերեկ: Հեռ. 81-384288:

—————————————————————–

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Անթիլիաս, 190 քառ. մեթր, նոր կառոյց, նախապէս չբնակուած, 2-րդ յարկ + մթերանոց + կառատուն: Դիմել` հեռ. 03-252825:

—————————————————————–

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Տըպպայէ, Պալլանէ թաղ, «Թորոսեան» շէնք, 4-րդ յարկ: Դիմել` հեռ. 76-793807:

—————————————————————–

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>