ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղը կը գուժէ իր երիցագոյն ընկերուհիներէն
ՄԱՐԻ ՄՈՆՈՖԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 15 յուլիս 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 16 յուլիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
—————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Րաֆֆի Տէյիրմենճեան
Տէր եւ տիկին Մայք եւ Արլեթ Թերզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անդօ եւ Հուրի Թորոսեան եւ զաւակունք
Տիկին Վերժինիա Պաղտատեան եւ զաւակունք
Տիար Յակոբ Պաղտատեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Էտի եւ Պեթի Պաղտատեան
Տիկին Սիւզի Գարամանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Լարա Գարամանեան եւ դուստրը
Տոքթ. Ճոնի եւ տիկին Յասմիկ Չաղլասեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էտուար եւ Լերնա Չաղլասեան
Տէյիրմենճեան եւ Պաղտատեան ընտանիքներ
Թերզեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Զանազանեան եւ Յովսէփեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱՂՏԱՏԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 16 յուլիս 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 17 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին երկուշաբթի, 17 եւ երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ռոպեր եւ Սոնա Պէրպէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զաքար եւ Տիգրանուհի Պէրպէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մկրտիչ եւ Հռիփսիմէ Պէրպէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սիւզի Պէրպէրեան եւ զաւակունք
Օրդ. Լենա Պէրպէրեան
Պէրպէրեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Մուղալեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Քէչէճեան եւ Շահպազեան ընտանիքներ
Պապիկեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳԷՈՐԳ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 16 յուլիս 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 17 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին երկուշաբթի, 17 եւ երեքշաբթի, 18 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ:
—————————————————————–
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ, ՊԻՔՖԱՅԱ
7-11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017
Հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 7-11 օգոստոս 2017-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ յատուկ արարողութիւն` նուիրուած միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամին:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:
ԾԱՆՕԹ.- Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ս. Աստուածածին եւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, «Տպարան Տօնիկեան»-ի մօտ, Տորայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Մերսետես» ընկերութեան մօտ եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:
—————————————————————–
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ
ԹԵՔՆԻՔ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց 2016-2017 տարեշրջանի Թեքնիք պաքալորէայի պետական քննութիւններուն:
Վարժարանի Թեքնիք պաքալորէայի դասարանէն քննութիւններուն ներկայացան 29 աշակերտներ` երեք տարբեր մասնագիտութիւններով:
Ամբողջական յաջողութիւն արձանագրեցին համակարգիչի ու հաշուապահութեան, ինչպէս նաեւ հիւրանոցային կառավարման 24 աշակերտները:
Պատուաբեր արդիւնք ձեռք բերին նաեւ մանկավարժութեան դասարանի աշակերտները. քննութեան ներկայացան 5 աշակերտներ, որոնցմէ 4-ը յաջողեցան:
Այսպիսով, 2016-2017 տարեշրջանի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի 29 աշակերտներէն 28-ը յաջողեցան Թեքնիք պաքալորէայի պետական քննութիւններուն` հաստատելով յաջողութեան 96,55 առ հարիւր համեմատութիւն:
Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը այս յաջողութեան առիթով կը շնորհաւորէ աշակերտները, խնդակցութիւն կը յայտնէ անոնց ծնողներուն եւ գնահատանք կ՛ուղղէ վարժարանի ուսուցիչներուն` անոնց կատարած աշխատանքին համար:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
—————————————————————–
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիկին Անի Սարգիսեան եւ զաւակները` Արէն եւ Նանար, Սարգիսեան եւ Փեհլիվանեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ եւ հեռաձայնով մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին` ԼԵՒՈՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԺՈՐԺ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ`
ԹԱՐԳՄԱՆԻՉԸ»
– ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՐԳԱՍԻՔ –
Ա. Հատոր
Բ. Հատոր (Ծանօթագրութիւններ` Արա Արծրունիի կողմէ)
Գ. Հատոր (Ծանօթագրութիւններ` Արա Արծրունիի կողմէ)
Դ. Հատոր (Ծանօթագրութիւններ` Արա Արծրունիի կողմէ) (Ա. եւ Բ. մաս)
Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
Պէյրութ – 2017
—————————————————————–
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի վկայեալ եւ փորձառու տնօրէնի մը:
Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ները ուղարկել ԼՕԽ-ի հետեւեալ հասցէին` email: info@lokh-arcl.org
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————–
ՎԱՐՁՈՒ ԿԱՄ ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պիաութի շրջան, նոր կառոյց, անձնական փակ ճամբայ, գեղատեսիլ դիրք, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ եւ յարակից մասեր, 2-րդ յարկ + վերելակ + կառատուն: Դիմել` հեռ. 03-968434:
—————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, 190 քառ. մեթր, նոր կառոյց, նախապէս չբնակուած, 2-րդ յարկ + մթերանոց + կառատուն: Դիմել` հեռ. 03-252825:
—————————————————————–
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն` գիշեր-ցերեկ: Հեռ. 81-384288:
—————————————————————–
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Տըպպայէ, Պալլանէ թաղ, «Թորոսեան» շէնք, 4-րդ յարկ: Դիմել` հեռ. 76-793807:
—————————————————————–
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պաուշրիէ, 150 քառ. մեթր, կահաւորուած, 7-րդ յարկ + վերելակ: Դիմել հեռ. 03-384160:
—————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ մօտ, 110 քառ. մեթր + վերելակ: Դիմել` հեռ. 70-282994:
—————————————————————–
ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
Փոքր յարկաբաժին մը` գետնայարկ կամ Ա. յարկի վրայ, Պուրճ Համուտ կամ շրջակայքը: Դիմել` հեռաձայնելով 01-243210 թիւին:
—————————————————————–