ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Աւետիս Թերզեան
Տիկին Անահիտ Թերզեան
Տիկին Նազիրա Թերզեան եւ ընտանիք
Տիկին Անայիս Խաչերեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Կարինէ Թերզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մինաս եւ Ալին Թերզեան եւ զաւակունք
Տիար Յակոբ Գիֆետճեան
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Շըրլի Գիֆետճեան
Տիար Ճորճ Գիֆետճեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՎԱԶԳԷՆ ԹԵՐԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Լիբանան, 1938-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2017-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Կլենտէյլի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 28 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի «Հոլիվուտ Հիլզ Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ուրֆայի հայրենակցական միութեան:
—————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Զարուհի Ստեփանեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Ստեփանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Էվա Պէրպէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Շաղիկ Յովակիմեան եւ զաւակը
Տիար Աբրահամ Սէթեան
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Թամար Յակոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Լարա Սէթեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց դստեր, քրոջ եւ հարազատին`
ՍԱՆԱՆ ԱՏԵՓԱՆԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 23 օգոստոս 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 25 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ շաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 օգոստոսին, հանգուցեալին բնակարանը:
—————————————————————-
«Վանայ Ձայն»-էն Ունկնդրեցէք
«Տարեդարձներ» յայտագիրը ամէն չորեքշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Ծննդեան եւ մահուան ամեակներու նշումով կը ներկայացնենք ազգային գործիչներու, արուեստագէտներու եւ կուսակցական դէմքերու մասին վկայութիւններ, կենսագրական գիծեր, ինչպէս նաեւ անոնց մասին կը կատարենք ընթերցումներ:
Առաջին յայտագիրով` ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ
«Տարեդարձներ» յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Հուրի Փափազեան-Էմմիեանը:
—————————————————————-
Կրթական Տարեմուտ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի
Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ 2017-2018 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:00-2:00:
Արձանագրութեան համար ներկայացող աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ 2 լուսանկար, անձնաթուղթի լուսապատճէն, վիճակացոյց, բժշկական հաստատագիր, պետութեան կողմէ վաւերացուած փոխանցման գիր:
Տարազներու եւ դասագիրքերու վաճառքը կը սկսի 1 սեպտեմբերին:
Պաքալորէայի բաժինը օժտուած է ընկերատնտեսական եւ կենսաբանական զոյգ բաժանմունքներով:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2017-2018 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
– Պրէօվէի եւ պաքալորէայի դասարաններ
Երկուշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2017
– Միջնակարգ եւ երկրորդական
Արուեստից բաժանմունք (BT1, BT2, BT3)
Հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2017
– Նախակրթարան
Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2017
– Մանկապարտէզ` Կոկոն եւ Ծաղիկ
Չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2017
Բողբոջ
Ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017
– Առաջին զանգ եւ կրթական անդրանիկ տարեշրջանի հանդիսաւոր բացում
Երկուշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2017
– Մանկամսուր
Երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2017
—————————————————————-
Մտքով Թերաճ Հայ Մանուկներու
«Զուարթնոց» Կեդրոն
ՎԵՐԱՄՈՒՏ` երկուշաբթի 4 սեպտեմբեր առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Կեդրոնը կը շարունակէ ընդունիլ յատուկ կարիքներ ունեցող հին եւ նոր աշակերտներ` երկսեռ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ:
Կեդրոնը ունի աշխատանոցի դրութիւն եւ ինքնաշարժի սպասարկութիւն:
Հասցէ` Պուրճ Համուտ-Թրատ նախկին Թրատի Հայ աւետարանական վարժարանի մէջ:
Tel-Fax 01-257631 e-mail: zvartnotz@hotmail.com
ԾԱՆՕԹ.- Մասնագիտացած դաստիարակութիւնը առաւել չափով արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, երբ մանուկներ փոքր հասակին կեդրոն կը ներկայանան:
Բարի վերամուտ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————-
ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հաստատուած Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին ծիրին մէջ,
Հայ ուսանողի ֆոնտը ուրախ է յայտարարելու, որ 2017-2018 տարեշրջանին դիմումնագիրները պիտի տրամադրուին չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2017-էն սկսեալ, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00, Երեսփոխանական գրասենեակէն, Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:
– Թեկնածուները պէտք է շրջանաւարտ ըլլան հայկական վարժարաններէն եւ յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ:
Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր տարիներու ուսանողները, ներառեալ առաջին տարուան ուսանողներ:
Իւրաքանչիւր ընտանիքէն կրնայ դիմել մէկ ուսանող:
Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2017, կցուած` համապատասխան փաստաթուղթերով:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Երեսփոխանական գրասենեակ, 01-259881 թիւին:
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ
—————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
JAVA հաստատութիւնը կարիքը ունի հայ երիտասարդ պաշտօնեաներու 22-էն 30 տարեկան: Հեռ. 01-502329 :
—————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի ինքնաշարժի երիտասարդ վարորդի մը, որ նախընտրաբար ունենայ ինքնաշարժ վարելու ումումի արտօնագիր: Դիմել` հեռ. 70-464984:
—————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Կանացի հագուստի հաստատութիւն մը, Տորայի շրջանին մէջ, իր ցուցասրահին համար կարիքը ունի վաճառող օրիորդներու, նաեւ հաշուապահուհիի մը: Դիմել` հեռ. 70-032666: