Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Յայտարարութիւններ (26 Օգոստոս 2017)

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Կիպօ Հապիպեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարիժան Պելիքրքեան եւ զաւակունք
Տիկին Սամիա Հապիպեան եւ ընտանիք
Տիկին Արմիկ Հապիպեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Լութֆիկ Հապիպեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վարդան Տուրնայեան եւ ընտանիք
Տիկին Սիրվարդ Մկրտիչեան եւ ընտանիք
Հապիպեան եւ Տուրնայեան ընտանիքներ
Հաժէ եւ Եաղմուրեան ընտանիքներ
Զարիֆէ եւ Պելիքրքեան ընտանիքներ
Բարսեղեան եւ Չաղլասեան ընտանիքներ
Պարուտ եւ Սըքքար ընտանիքներ
Մկրտիչեան եւ Գոճիքեան ընտանիքներ
Կէցոյեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Ղազարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՀԱՊԻՊԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՏՈՒՐՆԱՅԵԱՆ, Թրիփոլի, 1920-ին)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 25 օգոստոս 2017-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 26 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 27 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Աւետիս Թերզեան
Տիկին Անահիտ Թերզեան
Տիկին Նազիրա Թերզեան եւ ընտանիք
Տիկին Անայիս Խաչերեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Կարինէ Թերզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մինաս եւ Ալին Թերզեան եւ զաւակունք
Տիար Յակոբ Գիֆետճեան
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Շըրլի Գիֆետճեան
Տիար Ճորճ Գիֆետճեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`

ՎԱԶԳԷՆ ԹԵՐԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Լիբանան, 1938-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2017-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Կլենտէյլի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 28 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի «Հոլիվուտ Հիլզ Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ուրֆայի հայրենակցական միութեան:

—————————————————————-

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ս. Եւ Անմահ Պատարագ

Կիրակի, 27 օգոստոս 2017-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ պատարագը պիտի մատուցէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՕՇԻՆ ԱԲՂՅ. ՉՈՒԱԼԵՐԹԱՆԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան պատգամով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՅԱՐՈՒԹ ՏԱՂԼԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 օգոստոս 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՍՈՆԱ ԱՐԹԻՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 օգոստոս 2017-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————————————-

«Վանայ Ձայն»-էն Ունկնդրեցէք

Image may be NSFW.
Clik here to view.
«Տարեդարձներ» յայտագիրը ամէն չորեքշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Ծննդեան եւ մահուան ամեակներու նշումով կը ներկայացնենք ազգային գործիչներու, արուեստագէտներու եւ կուսակցական դէմքերու մասին վկայութիւններ, կենսագրական գիծեր, ինչպէս նաեւ անոնց մասին կը կատարենք ընթերցումներ:

Առաջին յայտագիրով` ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

«Տարեդարձներ» յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Հուրի Փափազեան-Էմմիեանը:

—————————————————————-

Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ

ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հաստատուած Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին ծիրին մէջ,

Հայ ուսանողի ֆոնտը ուրախ է յայտարարելու, որ 2017-2018 տարեշրջանին դիմումնագիրները պիտի տրամադրուին չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2017-էն սկսեալ, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00, Երեսփոխանական գրասենեակէն, Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:

– Թեկնածուները պէտք է շրջանաւարտ ըլլան հայկական վարժարաններէն եւ յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ:

Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր տարիներու ուսանողները, ներառեալ առաջին տարուան ուսանողներ:

Իւրաքանչիւր ընտանիքէն կրնայ դիմել մէկ ուսանող:

Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2017, կցուած` համապատասխան փաստաթուղթերով:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Երեսփոխանական գրասենեակ, 01-259881 թիւին:

ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

—————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի ինքնաշարժի երիտասարդ վարորդի մը, որ նախընտրաբար ունենայ ինքնաշարժ վարելու ումումի արտօնագիր: Դիմել` հեռ. 70-464984:

—————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Կանացի հագուստի հաստատութիւն մը, Տորայի շրջանին մէջ, իր ցուցասրահին համար կարիքը ունի վաճառող օրիորդներու, նաեւ հաշուապահուհիի մը: Դիմել` հեռ. 70-032666:

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>