Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (5 Սեպտեմբեր 2017)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ՍԱՐԳԻՍ ՉՈՒԼՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2017-ին:

—————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր շրջանաւարտներէն

ՍԻՄՈՆ ՄՆԱԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 2 սեպտեմբեր 2017-ին:

—————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաւոր եղբայրներէն

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 2 սեպտեմբեր 2017-ին:

—————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը կը գուժէ իր նախկին անդամներէն եւ շեփորախումբի ուսուցիչին ու պատասխանատուին`

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 2 սեպտեմբեր 2017-ին:

—————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ սկաուտական խորհուրդը կը գուժեն մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն եւ ՀՄԸՄ-ի Մոսկուայի շրջանի հիմնադիր

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 2 սեպտեմբեր 2017-ին:

—————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Նատիա Պէրպէրեան եւ զաւակները` Նուպար եւ Դաւիթ
Տիկին Մատլեն Պէրպէրեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Քոփուշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Քարլօ Պէրպէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Նայիրի Կարապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետրոս Տէմիրճեան եւ զաւակունք
Տիկին Արփի Հայրապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Պոզապալեան եւ զաւակունք
Արժ. Տ. Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեան եւ զաւակունք
Գազլօվա եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներ
Չէօփճեան եւ Էլմայեան ընտանիքներ
Շահին եւ Նաճարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին`

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 2 սեպտեմբեր 2017-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին երեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

—————————————————————-

ՀՄԸՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱՑՄԱՆ
ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Հովանաւորութեամբ`

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՅԾԱԿ ԵՒ ԾՈՎԻԿ ԶԷՅԹԼԵԱՆՆԵՐՈՒ

Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 9 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրին մէջ, Այնճար:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————————————-

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Հայ Գիրքի 38-րդ Ցուցահանդէս

19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ – 10 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017

ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ – ԱՆԹԻԼԻԱՍ 

—————————————————————-

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
Հեռ. 04-712602/3/4

Վերամուտ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի գրասենեակներուն ամէնօրեայ վերաբացումը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2017-ին: 2017-2018 տարեշրջանի լրացուցիչ արձանագրութիւնները կը շարունակուին: Գիրքերու եւ համազգեստի (մանկապարտէզը ներառեալ) վաճառքը կը կատարուի երկուշաբթի, 11 սեպտեմբերէն մինչեւ երկուշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2017:

Յառաջիկայ 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ կարգով.

Թ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններ.- Երեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Է., Ը. եւ Ժ. դասարաններ.- Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններ.- Երեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Բ. եւ Գ. դասարաններ.- Չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Ա. դասարան.- Հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Կանաչ դասարան.- Երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
Կապոյտ դասարան.- Չորեքշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
Վարդագոյն դասարան.- Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————————————-

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հաստատուած Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին ծիրին մէջ,

Հայ ուսանողի ֆոնտը ուրախ է յայտարարելու, որ 2017-2018 տարեշրջանին դիմումնագիրները պիտի տրամադրուին չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2017-էն սկսեալ, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00, Երեսփոխանական գրասենեակէն, Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:

– Թեկնածուները պէտք է շրջանաւարտ ըլլան հայկական վարժարաններէն եւ յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ:

Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր տարիներու ուսանողները, ներառեալ առաջին տարուան ուսանողներ:

Իւրաքանչիւր ընտանիքէն կրնայ դիմել մէկ ուսանող:

Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2017, կցուած` համապատասխան փաստաթուղթերով:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Երեսփոխանական գրասենեակ, 01-259881 թիւին:

ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ

—————————————————————–

ՎԱՐՁՈՒ Է

Ոսկերչատուն մը, Պուրճ Համուտի մէջ, 150 քառ. մեթր, Ա. յարկ: Դիմել` հեռ. 03-360542:

—————————————————————–

ԾԱԽՈՒ Է

Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր,

Ա.- յարկաբաժին մը, 2-րդ յարկ, մայր ճամբու վրայ:
Բ. Խանութ մը:

Դիմել` հեռ. 03-427896:

—————————————————————–

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիք ունի հաշուապահուհիի մը, նաեւ ինքնաշարժի վարորդի մը: Դիմել` հեռ. 03-745464:

—————————————————————–

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>