«Վանայ Ձայն»
Յատուկ Յայտագիր` Նուիրուած Միջին Արեւելքի
Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովին
«Վանայ Ձայն»-Էն Ունկնդրեցէք Յատուկ Յայտագիր` Նուիրուած Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովին: Յայտագիրին Ընթացքին Պիտի Լսէք Հայ Դատի Յանձնախումբերու Ներկայացուցիչներուն Հետ «Վանայ Ձայն»-Ի Կատարած Զրոյցները:
Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2017-Ին, Կէսօրէ Առաջ Ժամը 11:00-Ին:
—————————————————————-
Յայտարարութիւն
«Աքսոր Գասարճեան» Համալսարանական Ֆոնտը 2017-2018 Տարեշրջանի Համար Որոշած Է Կրթանպաստ Տրամադրել:
Դիմումնագիրները Կրնաք Ստանալ Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2017-Էն Սկսեալ ԱՖՀԻԼ-Ի Գրասենեակէն, «Արին» Շէնք, 3-Րդ Յարկ:
Մինչեւ 1 Նոյեմբեր 2017 Պէտք Է Դիմումնագիրները Իրենց Ամբողջական Թղթածրարով Ներկայացուին ԱՖՀԻԼ:
Առաջին Տարուան Ուսանողները Կրնան Դիմել:
Մանրամասնութեան Համար Կապուիլ ԱՖՀԻԼ-Ի Գրասենեակ, Հեռ. 01242556-57:
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ» ՀԱՅ
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ
—————————————————————-
ՀՄԸՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱՑՄԱՆ
ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՅԾԱԿ ԵՒ ԾՈՎԻԿ ԶԷՅԹԼԵԱՆՆԵՐՈՒ
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 9 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրին մէջ, Այնճար:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————-
ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏ
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հաստատուած Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին ծիրին մէջ,
Հայ ուսանողի ֆոնտը ուրախ է յայտարարելու, որ 2017-2018 տարեշրջանին դիմումնագիրները պիտի տրամադրուին չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2017-էն սկսեալ, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00, Երեսփոխանական գրասենեակէն, Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:
– Թեկնածուները պէտք է շրջանաւարտ ըլլան հայկական վարժարաններէն եւ յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ:
Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր տարիներու ուսանողները, ներառեալ առաջին տարուան ուսանողներ:
Իւրաքանչիւր ընտանիքէն կրնայ դիմել մէկ ուսանող:
Դիմումնագիրները պէտք է վերադարձուին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2017, կցուած` համապատասխան փաստաթուղթերով:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Երեսփոխանական գրասենեակ, 01-259881 թիւին:
ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՖՈՆՏ
—————————————————————–
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
(ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ)
Հեռաձայն` 01-891068 եւ 01-891099
2017-2018 Տարեշրջանի Արձանագրութիւններ
Վարժարանիս տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը վերսկսին երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 1:00, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ
Երեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2017 – Թ., Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
Երեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2017 – Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բոլոր դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
Հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017 – Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
Երկուշաբթի, 2 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:25-14:30:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին վարժարանիս մէջ պիտի բացուին «յետդպրոցական սերտողութեան» դասարաններ:
ԾԱՆՕԹ.- Փափաքողները կրնան դիմել տնօրէնութեան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————-
ԾԱԽՈՒ Է
Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր,
Ա.- յարկաբաժին մը, 2-րդ յարկ, մայր ճամբու վրայ:
Բ. Խանութ մը:
Դիմել` հեռ. 03-427896:
—————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի հաշուապահուհիի մը, նաեւ ինքնաշարժի վարորդի մը: Դիմել` հեռ. 03-745464:
—————————————————————–