ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
«ՍԵՆ ԺԱՔ» ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼԻՐ
Պուրճ Համուտի բնակիչները, որոնք կ՛ուզեն յարկաբաժին գնել «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրէն, կրնան ներկայանալ 28, 29 եւ 30 նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ, ծանօթանալու համար ծրագիրին եւ արձանագրութեան պայմաններուն:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
—————————————-
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՈՒՆԿՆԴՐԵՑԷ՛Ք «ԼՕԽ-Ի ՁԱՅՆԸ»
Վաղը` հինգշաբթի, 30 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն ունկնդրեցէ՛ք «ԼՕԽ-ի ձայնը» յայտագիրը:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Զուարթ Դելփեան
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Սիւզի Դելփեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Վահան Դելփեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նարա Դելփեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Ալպեր եւ Նուարդ Պասթաուրոս եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Լուսինէ Դելփեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Արաքսի Յովակիմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արա եւ Նորա Քէօհնէլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Նելլի Գոլոյեան եւ դստերք
Սիւրմէլեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Տէր Մինասեան եւ Այտընեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Յովակիմեան ընտանիքներ
Սարիբէկեան եւ Պասթաուրոս ընտանիքներ
Ղազարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՕՐԻՈՐԴ ԱՐՄԻՆԷ ԱՄԱՏՈՒՆԻԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 27 նոյեմբեր 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 29 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մակի Վարժապետեան եւ զաւակը` Սերժ
Տէր եւ տիկին Անթուան եւ Մարիա Մասէ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Հաննա-Վարժապետեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Էմիրխանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Միքայէլ եւ Ժորժեթ Խաչեր եւ զաւակունք
Տիկին Մունթահա Հաննա եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արսէն Պիւլպիւլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Շահինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արամ Սաղըրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Քիւրտեան եւ զաւակը` Արթիւր
Վարժապետեան եւ Մասէ ընտանիքներ
Էմիրխանեան եւ Խաչեր ընտանիքներ
Պիւլպիւլեան եւ Շահինեան ընտանիքներ
Սաղըրեան եւ Տաղլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՊԵՏՐՈՍ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻ (ՀԱՆՆԱ)
(Ծնեալ` 1949-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 28 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 29 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ հինգշաբթի, 30 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————-
«Արցախ ֆոնտ»-ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին
Վազգէն Չոգագլեանի մահուան առիթով`
– ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիները | 50.000 լ. ո. |
– Տէր եւ տիկին Բիւզանդ Գէորգեան | 100.000 լ. ո. |
– Տէր եւ տիկին Սագօ Սիմիթեան | 100.000 լ. ո. |
—————————————-
Այսօր՝ «Վանայ Ձայն»-էն
—————————————-
Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն տօնին առիթով, կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՆՇԱՆ ՎՐԴ. ԼԱԽՈՅԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | ժամը 10:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ լեցուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————-
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան
Կազմակերպութեամբ`
ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին
Նախագահութեամբ`
ՄԱՐՕ ՉՈՒԽԱՏԱՐԵԱՆԻ
Բացում` հինգշաբթի, 30 նոյեմբեր 2017, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի Ապակեայ սրահին մէջ:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017 ներառեալ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հագուստի հաստատութիւն մը կարիքը ունի ինքնաշարժի երիտասարդ վարորդի մը: Հեռ. 03-164767:
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Զալքա, 140 քառ. մեթր, գին 175.000$: Հեռ. 01-876689:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
1, 2 եւ 3 դեկտեմբեր
«Արցախ ֆոնտ»-ի
«ԱՐՑԱԽԵԱՆ» տօնավաճառ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
7-8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 14 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ. 03/905441 ԵՒ 70/962747
—————————————-
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՈՒՐԲԱԹ 15, ՇԱԲԱԹ 16 ԵՒ
ԿԻՐԱԿԻ 17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇ – (BRUNCH)
16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018-ԻՆ