Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (2 Դեկտեմբեր 2017)

$
0
0

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
«ՍԵՆ ԺԱՔ» ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ
ՀԱՄԱԼԻՐ

Պուրճ Հա­մու­տի բնա­կիչ­նե­րը, որոնք կ՛ու­զեն յար­կա­բա­ժին գնել «Սեն Ժաք» բնա­կա­րա­նա­յին հա­մա­լի­րէն, կրնան ներ­կա­յա­նալ երեքշաբթի, չորեքշաբթի եւ հինգ­շաբթի օրերը առա­ւօտ­եան ժա­մը 9:00-էն մին­չեւ կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 2:00, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար ծրա­գի­րին եւ ար­ձա­նագ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

—————————————-

—————————————-

Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն տօնին առիթով, կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՆՇԱՆ ՎՐԴ. ԼԱԽՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ լեցուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————-

Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՏՕՆԸ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`

ԳԵՐՊ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————-

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներու Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնին առիթով կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն`

ՀՈԳՇ. Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂՅ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին, հաղորդուելու համար օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ
ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————-

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՌԱՋԻՆ
ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՏՕՆ

Հայաստան աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէութեան լոյսը քարոզող ու տարածող եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներու` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով, կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՀՐԱՆԴ ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան առաւօտեան ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:45-ին

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան` հաղորդուելու համար օրուան պատգամով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————-

ՏՕՆ Ս. ԱՌԱՔԵԼՈՑՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԱՑՆ
Ս. ԹԱԴԷՈՍԻ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍԻ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնին առիթով, կիրակի 3 դեկտեմբեր 2017-ին պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՀԵԹՈՒՄ ԱԲՂՅ. ՏԱՂԼԵԱՆ

Հրաւիրուած են մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` ներկայ գտնուելու եւ հաղորդուելու համար սոյն հոգեպարար արարողութեամբ:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————-

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԷՇՐԵՖԻԷ

ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐՈՒ`
Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՏՕՆ

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադիրներ` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով, կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ

Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին

 

Սիրով կը հրաւիրենք հայորդիները ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ հաղորդուելու մեր առաջին լուսաւորիչներու լոյս հաւատքով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՆԺԵԼ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՎԱՐԴԱՆ ԱՐՔ. ՔԷՇԻՇԵԱՆի վախճանման առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան վախճանեալ արքեպիսկոպոսին պարագաները ցաւակցութիւն պիտի ընդունին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:

—————————————-

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ
ՏԻԿՆԱՆՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՁԵԶ

2017-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ

որ տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2017-ին «ՖԵՆԻՍԻԱ» պանդոկի մեծ սրահին մէջ:

Այցելեցէ՛ք մեր տաղաւարը` դիտելու հայկական արտադրութիւնները, համտեսելու հայկական ուտեստեղէններն ու ծանօթանալու Հայաստանին:

—————————————-

«ՈՒՐԱԽԱՑԻ՛Ր, ՈՒՐԱԽԱՑՈ՛ՒՐ»
ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

ՀԱՃՈՅՔՈՎ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՁԵԶ

ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ

Հովանաւորութեամբ` ՏԻԿԻՆ ԻԶԱՊԷԼ ՄԿՐՏՉԵԱՆի
(Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպանին Տիկնոջ)

Որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 7 եւ ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00, ՔԱՀԼ-ի սրահին մէջ:

Պաշտօնական բացում` հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2017, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

ՁԵՐ ՔԱՋԱԼԵՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ
ՈՒՐԱԽԱՑՈՒՑԷ՛Ք ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐԸ

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————-

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
«ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ-ՊԷՅՐՈՒԹ

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017 երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ Նշան Փալանճեան կեդրոնին մէջ, Զոքաք էլ Պլաթ:

—————————————-

ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, սաներու կրթանպաստի 2017-2018 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան ամէն երեքշաբթի օրերը, մինչեւ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՎԵՐՋԸ, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 8:00:

Կը խնդրենք մեր հայրենակիցներէն, որ յարգեն ճշդուած թուականը:

ԾԱՆՕԹ.- Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ 5 յունուար 2018-ին:

ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հագուստի հաստատութիւն մը կարիքը ունի ինքնաշարժի երիտասարդ վարորդի մը: Հեռ. 03-164767:

—————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Զալքա, 140 քառ. մեթր, գին 175.000$: Հեռ. 01-876689:

 —————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

1, 2 եւ 3 դեկտեմբեր

«Արցախ ֆոնտ»-ի
«ԱՐՑԱԽԵԱՆ» տօնավաճառ 

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

7-8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 14 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017

ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ. 03/905441 ԵՒ 70/962747

—————————————-

ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ

ՈՒՐԲԱԹ 15, ՇԱԲԱԹ 16 ԵՒ
ԿԻՐԱԿԻ 17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017,

ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ:

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»

ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017

ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՃԱՇ – (BRUNCH)

16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018-ԻՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles