ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ նախկին ատենապետին`
ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 յունիս 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կը գուժէ իր նախկին անդամին`
ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 յունիս 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարի Պոյաճեան եւ զաւակը` Հրայր
Տէր եւ տիկին Վիգէն Պոյաճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Վազգէն Պոյաճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Պոյաճեան
Տէր եւ տիկին Հրաչ Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նշան Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կայծակ Պոյաճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Ժոզեֆ Պոյաճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տիար Կարօ Պոյաճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Շահէ Պոյաճեան եւ զաւակը
Տիկին Էօժեն Պոյաճեան
Պոյաճեան եւ Թիւնպէրեան ընտանիքներ
Փալազեան եւ Քենտիրճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 յունիս 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 21 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Այնճարի ՀՄԸՄ-ին:
—————————————
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Քիւրքճեան 1000 ամ. տոլար
—————————————
ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅՈՑ ԵՒ ԱՅԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ
Ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 24 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն 10:30, Ժըմմէյզէի «Սան Նիքոլա» աստիճաններուն վրայ:
Ձեռնարկը կը ներառէ.
– Տարբեր ազգերու պատկանող քանդուած կոթողներու ցուցահանդէս
– Դաստիարակչական աշխատանքներ` լսատեսողական արդի սարքերով
– Ասեղնագործութիւն եւ գորգագործութիւն
– Selfie Box
– Ճաշեր եւ զովացուցիչներ
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան հետեւեալ նուագախումբերը.
– Առնապիթ – Arnabeat
– ԱսՍաալիք – Assa՛alik
– Վահագն
– Տինֆոնիեթթա – Sinfonietta
Ներկաները առիթ պիտի ունենան նուիրելու գիրքեր, որոնք պիտի տրամադրուին հանրային գրադարանի մը:
Մուտքը ազատ է
—————————————
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ – ԷՇՐԵՖԻԷ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ
ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կազմակերպութեամբ`
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄՆԻՆ
Ելոյթ կ՛ունենան
Ջութակահար` Լիւսի Չամսարեան,
Շաքէ Պաղտասարեան, Նժդեհ Պոտրումեան,
Մինաս Ադամեան, Մարալ Շաննագեան-Ադամեան,
Կարինէ Աբրահամեան-Անդրանիկեան,
Արմիկ Քէրքէզեան, Շուշան Սարգիսեան,
Յովիկ եւ Ղազար Քէօշկէրեան,
ընկերակցութեամբ`
Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին
Տեղի կ՛ունենայ, ուրբաթ, 22 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Մուտքի սակ` 15.000 եւ 20.000 լ.ո.
Տոմսերը ստանալու համար դիմել
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ գրասենեակ` հեռ. 10-449926
Բրդավաճառ «Գարին», Պուրճ Համուտ, հեռ. 01-266414
եւ ելոյթի օրը կիշէէն:
—————————————
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Շրջանային յանձնաժողովս այսու կու գայ տեղեկացնելու, որ միութիւնս կարեւոր նկատելով իր բազմամեայ կրթական առաքելութիւնը գաղութին մէջ եւ հանդիսանալով հայապահպանման միշտ ջահակիր, որպէսզի քայլ պահէ ժամանակի պահանջին ու նորարարութեանց հետ, նպատակայարմար գտաւ մէկտեղել իր վարժարանները մէկ երդիքի տակ` աւելի մեծ ուշադրութեամբ ու հոգատարութեամբ շարունակելու համար սկսուած ազնիւ գործը, հաւատալով լուսաւոր ու պայծառ ապագայի տեսլականին:
Յանձնաժողովս, իր այս քայլով, ի մի հաւաքելով մեր վարժարաններուն սաները, կը ձգտի նոր ոճ, նոր որակ, նոր եռանդ տալ մեր ուսանողութեան` հայահոծ շրջանի մէջ գտնուող իր բոլորովին նորոգուած ու բարեզարդուած կրթական կառոյցին մէջ, անխախտ վճռակամութեամբ շարունակելով մարդակերտումի առաքելութիւնը, ուր մեր աշակերտները անվերապահօրէն կարելիութիւնը պիտի ունենան հետեւելու իրենց ուսմանց, միաժամանակ օգտուելով Անթիլիասի շրջափակին մէջ գտնուող միութեանս բացօթեայ դաշտէն եւ «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահներէն ու արդիական փակ մարզադաշտէն:
Հաւատալով ու համոզուելով, թէ «Միութիւնը զօրութիւն է» միշտ, Շրջանակային յանձնաժողովս միաւորելով մեր վարժարանները (ոչ թէ փակելով), ապահով ենք ու վստահ, որ ապագային պիտի արձանագրէ ուսումնական աւելի մեծ յաջողութիւն եւ ունենայ նոր խանդավառութիւն մեր աշակերտութեան մօտ` յուսալով, որ ներկայ կարգադրութեան նկատմամբ մեր ազնիւ ծնողները պիտի ցուցաբերեն յարգալիր վերաբերմունք ու լաւատեսութիւն եւ պիտի գնահատեն առնուած ճիշդ քայլը, այսպիսով դիւրացնելով ՀԲԸՄ-ի նոր դիմագիծ ստացած վարժարանին ընթացիկ աշխատանքները` սպասելով շատ շուտով քաղելու անոր յուսատու բարիքները:
ՀԲԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
Պէյրութ, 14 յունիս 2018
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ձեր ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք, որ 2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են ու կը շարունակուին ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (GS)
– Կենսաբանութիւն (LS)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Վարժարանին մէջ`
– կը գործէ ուսման յատուկ կարիք ունեցող աշակերտներու բաժանմունք (մանկապարտէզէն` միջնակարգ),
– կը գործէ լիաժամ խորհրդատու-հոգեբան (school counselor),
– կը դասաւանդուի նկարագիրի կրթութիւն (child education),
– կը գործեն այլազան «ակումբ»-ներ (պարի, ճատրակի, մարզական, robotics…)
Վարժարանս օժտուած է վերանորոգուած եւ արդիական տարրալուծարանով:
Ուշադրութիւն
– Վարժարանս կը տրամադրէ յատուկ եւ սերտուած կրթանպաստի դրութիւն քաջալերելու համար ուսումնատենչ հայ աշակերտներու գոյատեւումը հայ վարժարանին մէջ:
– Հայկազեան համալսարան յաճախող ԿԲՎ-ի շրջանաւարտներուն համար յատուկ կրթանպաստ կը տրամադրուի «Թրբանճեան ֆոնտ»-էն (պայմանով, որ աշակերտը վերջին երկու տարիներուն յաճախած ըլլայ ԿԲ վարժարան):
Նորեկ աշակերտներէն կը խնդրուի դպրոց ներկայացնել.
ա.- Վերջին 2 տարիներու վիճակացոյց
բ.- Ինքնութեան թուղթի լուսապատճէն
գ.- Երկու նոր լուսանկար
դ.- Նախկին վարժարանէն աշակերտին պետական թիւը` վաւերացուած:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Կը պատրաստենք կապոյտ մոմի յատուկ կաղապարներ: Հեռ. 03-242665:
—————————————
ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ ԵՐԻԿԱՄՈՒՆՔ
3 զաւակներու հայր մը անմիջականօրէն եւ յոյսով կը փնտռէ անձ մը, որ կարենայ նուիրել իր երիկամներէն մէկը (A կամ O արեան խմբաւորումով):
Կը խնդրուի հեռաձայնել 03-790698 թիւին:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ