Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ – ԷՇՐԵՖԻԷ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ
ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կազմակերպութեամբ`
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄՆԻՆ
Ելոյթ կ՛ունենան
Ջութակահար` Լիւսի Չամսարեան,
Շաքէ Պաղտասարեան, Նժդեհ Պոտրումեան,
Մինաս Ադամեան, Մարալ Շաննագեան-Ադամեան,
Կարինէ Աբրահամեան-Անդրանիկեան,
Արմիկ Քէրքէզեան, Շուշան Սարգիսեան,
Յովիկ եւ Ղազար Քէօշկէրեան,
ընկերակցութեամբ`
Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին
Տեղի կ՛ունենայ, ուրբաթ, 22 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Մուտքի սակ` 15.000 եւ 20.000 լ.ո.
Տոմսերը ստանալու համար դիմել
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ գրասենեակ` հեռ. 10-449926
Բրդավաճառ «Գարին», Պուրճ Համուտ, հեռ. 01-266414
եւ ելոյթի օրը կիշէէն:
—————————————
ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐ
ՏԻԿԻՆ ՍՕՍԻ ԳՐԱՃԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՕՆՆԻԿ ԵՒ ՄԻՐՆԱ ԳԱՆԹԱՐՃԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրեն ձեզ ներկայ գտնուելու իրենց որդւոյն եւ դստեր`
ԼԷՈՆԻ ԵՒ ՆԱՅԻՐԻԻ
Ս. ՊՍԱԿԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ,
որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 24 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Խաչեղբայր` ՏԻԱՐ ԺԱՔ ԳՐԱՃԵԱՆ
Հարսնքոյր` ՕՐԴ. ԱԼԻՆ ԳՐԱՃԵԱՆ
Շնորհաւորութիւն` տեղւոյն վրայ:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱՍՄԻԿ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 յունիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԵՐՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆի մահուան Դ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 յունիս 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Տիկին Վիքի Չաթալպաշեան 100 ամ. տոլար
—————————————
Լիբանանի Հայ Համայնքի
Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն
«Զուարթնոց» Յատուկ
ԴաստիարակութեանԿեդրոն
Նախագահութեամբ`
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Ն. Գ. ՏԻԱՐ ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ԵՒ ՏԻԿՆՈՋ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ
Սիրով ձեզ կը հրաւիրէ
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ
Որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, Պուրճ Համուտ – Արաքս փողոց:
Հեռ. 01-257631
Կառատունը` Ս. Ագնէս վարժարանի շրջափակին մէջ:
—————————————
ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Կը պատրաստենք կապոյտ մոմի յատուկ կաղապարներ: Հեռ. 03-242665:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ Է
Գրասենեակ կամ սրահ 2-րդ յարկ, 180 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մօտ, «Սեւան» շէնք: Հեռ. 70/420246:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ