ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ
6-7 հոկտեմբեր 2018-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ
Քահանայութեան կարգ պիտի ստանայ`
ԲԱՐՇ. ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԿ. ԱՃԷՄԵԱՆ
(նորօծ տէր հայրը պիտի ծառայէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ)
Պատարագիչ, քարոզիչ եւ ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ
Շաբաթ, 6 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 4:30-ին` կոչման արարողութիւն
Կիրակի, 7 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին` սուրբ պատարագ առաւօտեան Ժամը 9:30-ին` ձեռնադրութիւն եւ օծում
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու հոգեպարար արարողութեանց եւ աղօթակից դառնալու ձեռնադրեալին` իր աստուածահաճոյ նուիրումին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը` Պուրճ Համուտի մէջ, կարիքը ունի գրասենեակի մէջ աշխատող 30-էն 40 տարեկան ամուրի իգական սեռի պաշտօնեայ մը, արաբերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներ գիտնալը` պայման:
Գործի ժամ` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00: Դիմել` հեռ. 03-290965:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, 165 քառ. մեթր, 4-րդ յարկ, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 3 պատշգամ + կառատուն, գեղատեսիլ դիրք: Դիմել` հեռ. 03-699182:
—————————————