ՄԱՀԱԶԴ
Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) կը գուժէ իր անդամներէն
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՕԳՆԱՅԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ Տիկ Պետիկ եւ Ծովիկ Գահվէճեան եւ զաւակունք (Մոնրէալ,Պոսթըն)
Տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան եւ զաւակունք (Մոնաքօ, Լոնտոն)
Տիար Արա Գահվէճեան եւ զաւակունք (Ֆիլատելֆիա, Նիւ Եորք)
Տէր եւ տիկին Աղէկ եւ Ռիմա Ենիգոմշեան եւ զաւակունք (Սան Հոզէ,Պոսթըն, Լոս Անճելըս)
Հանգուցեալի քոյրեր` (Ֆիլատելֆիա)
Տիկին Աստղիկ Թաշճեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Սիրուն Թոփճեանի ընտանիք
Տիկին Անայիս Օտապաշեան եւ ընտանիք
Տիկին Ռիթա Օտապաշեան եւ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՌՈԶԱ ԳԱՀՎԷՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ, Ուրֆա, 1921-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018-ին, Ֆիլատելֆիա` իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ
6-7 հոկտեմբեր 2018-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ
Քահանայութեան կարգ պիտի ստանայ`
ԲԱՐՇ. ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԿ. ԱՃԷՄԵԱՆ
(նորօծ տէր հայրը պիտի ծառայէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ)
Պատարագիչ, քարոզիչ եւ ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ
Շաբաթ, 6 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 4:30-ին` կոչման արարողութիւն
Կիրակի, 7 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին` սուրբ պատարագ առաւօտեան Ժամը 9:30-ին` ձեռնադրութիւն եւ օծում
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու հոգեպարար արարողութեանց եւ աղօթակից դառնալու ձեռնադրեալին` իր աստուածահաճոյ նուիրումին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 98-ԱՄԵԱԿԻ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 20 հոկտեմբեր 2018-ին:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատունը կամ շրջող հանգանակիչներուն:
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը` Պուրճ Համուտի մէջ, կարիքը ունի գրասենեակի մէջ աշխատող 30-էն 40 տարեկան ամուրի իգական սեռի պաշտօնեայ մը, արաբերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներ գիտնալը` պայման:
Գործի ժամ` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00: Դիմել` հեռ. 03-290965:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Ազգային խորհուրդի շէնքեր, 3-րդ յարկ: Հեռ. 03-785237:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Զալքա, 137 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ + կառատուն: Հեռ. 01-241636 (առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00) կամ 71-647181 (կէսօրէ ետք):
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, 165 քառ. մեթր, 4-րդ յարկ, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 3 պատշգամ + կառատուն, գեղատեսիլ դիրք: Դիմել` հեռ. 03-699182:
—————————————
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018