Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (31 Յունուար 2019)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Վիոլեթ Ազնաւուրեան (Միացեալ Նահանգներ)
Օրդ. Թալին Ազնաւուրեան
Տէր եւ տիկին Սեւակ Ազնաւուրեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Մարի Ազնաւուրեան-Մարտիրոսեան եւ ընտանիք
Ազնաւուրեան եւ Մահֆուտ ընտանիքներ
Մարտիրոսեան եւ Գէորգեան ընտանիքներ
Յակոբեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ԶՈՀՐԱՊ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Թրատ, 1943-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 30 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, հանգուցեալին բնակարանին մէջ, Ժէլ Էլ Տիպ, «Քրետի Լիպանէ» դրամատան շէնք, 4-րդ յարկ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 1 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԱՇՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՄԻՄԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՀԱՅԿԱԶ ՄԵԼԻՔԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

Հովանաւորութեամբ`
ՀԲԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Կազմակերպութեամբ`
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
«ՄԵԹՐ ՀՐԱՉԵԱՅ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ»

Կազմեց եւ խմբագրեց ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հատորը կը ներկայացնէ` ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

Խօսք կ՛առնեն`

ՀԲԸՄ-ի նախագահ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ
Խմբագիր ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հրատարակուած գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 1 փետրուար 2019, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————

ՀՄԸՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Բարձր հովանաւորութեամբ`|
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 10 փետրուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:

ԾԱՆՕԹ.- Ձեր ներկայութիւնը հաստատելու համար հաճեցէք հեռաձայնել մինչեւ 7 փետրուար` 01-261108 թիւին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-7:30:

—————————————

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը կարիքը ունի լիաժամ պաշտօնեայի մը, որ պիտի ստանձնէ տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան գրասենեակի պատասխանատուութիւնը:

Թեկնածուները պարտին լրացնել հետեւեալ պայմանները`

ա) Ունենան տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան համալսարանական վկայական (BS in Communication arts) եւ վերոյիշեալ մարզին մէջ 3-էն 5 տարուան փորձառութիւն:

բ) Տիրապետեն հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներուն:

գ) Ունենան ստեղծագործական եւ նախաձեռնութեան ոգի, ինչպէս նաեւ բազմազան աշխատանքի կարողականութիւն:

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց դիմումնագիրները եւ անձնական տուեալները ուղարկել հետեւեալ հասցէին` recrutement@collegehripsimiantz.com որուն կցուած ըլլայ իրենց «Սի. Վի.»-ն, առաւելագոյնը մինչեւ 15 փետրուար 2019:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել վարժարանիս թիւերուն` 01/891068-01/891099, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ

BRUNCH

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

2 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

7 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

23 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ

BRUNCH

9 ՄԱՅԻՍ 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles