Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (1 Փետրուար 2019)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ռիթա Անպարճեան եւ զաւակը` Գեղամ
Տիկին Սեդա Թագւորեան եւ զաւակները` Լենա եւ Վիգէն
Տիկին Հիլտա Տատուրեան եւ զաւակները` Թալին եւ Անիթա
Ժամկոչեան եւ Քասսինի ընտանիքներ
Բարսեղեան եւ Գալուստեան ընտանիքներ
Նախնիկեան եւ Սերմանուկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԳՐԻԳՈՐ ՎԱՀՐԱՄ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 2 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին շաբաթ, 2 փետրուարին, յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 3 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԱՇՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՄԻՄԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՀԱՅԿԱԶ ՄԵԼԻՔԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԱԲՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԶՈՀՐԱՊ ԻՆՃԷԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

Հովանաւորութեամբ`
ՀԲԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Կազմակերպութեամբ`
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
«ՄԵԹՐ ՀՐԱՉԵԱՅ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ»

Կազմեց եւ խմբագրեց ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հատորը կը ներկայացնէ` ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

Խօսք կ՛առնեն`

ՀԲԸՄ-ի նախագահ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ
Խմբագիր ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հրատարակուած գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 1 փետրուար 2019, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————

Հա­մազ­գա­յի­նի  
Փա­լանճ­եան-Արս­լան­եան Ճե­մա­րա­նի
Շրջա­նա­ւարտ­նե­րու Միու­թիւն

ԱՆ­ԴԱ­ՄԱ­ԿԱՆ
ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ԺՈ­ՂՈՎ

Հա­մազ­գա­յի­նի Փա­լանճ­եան-Արս­լան­եան ճե­մա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու միու­թեան Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ կի­րա­կի, 3 փետրուար 2019-ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 6:00-ին, Հա­մազ­գա­յի­նի Մ. եւ Հ. Արս­լան­եան ճե­մա­րա­նի «Չալ­եան» սրա­հին մէջ:

ԾԱ­ՆՕԹ.- Ներ­կա­նե­րուն թիւը մե­ծա­մաս­նու­թիւն պի­տի նկատ­ուի ժա­մը 6:30-ին:

ՎԱՐ­ՉՈՒ­ԹԻՒՆ

—————————————

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ

Սիրով կը հրաւիրէ ձեզ ներկայ գտնուելու Օսմանեան խորհրդարանի մեպուս
ՅԱԿՈԲ ՊԱՊԻԿԵԱՆի
Ատանայի կոտորածին նուիրուած տեղեկագիրին անգլերէն թարգմանութեան`

THE ADANA MASSACRES
ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Խօսք կ՛առնեն`

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ԴՈԿՏ. Ա. ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ
(Տեղեկագիրին թարգմանութեան, յառաջաբանի, յաւելուածի, ծանօթագրութեան հեղինակ)
ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, 4 փետրուար 2019, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարան:

—————————————

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ

«ԾԱՂԿԱԾ ՑԱՒ» գիրքի
ԳԻՆԵՁՕՆ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 8 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ:

ՀՐԱՒԷՐ

ԾԱՆՕԹ.- Կառատունը ապահովուած է:

—————————————

ՀՄԸՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Բարձր հովանաւորութեամբ`|
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 10 փետրուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:

ԾԱՆՕԹ.- Ձեր ներկայութիւնը հաստատելու համար հաճեցէք հեռաձայնել մինչեւ 7 փետրուար` 01-261108 թիւին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-7:30:

—————————————

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը կարիքը ունի լիաժամ պաշտօնեայի մը, որ պիտի ստանձնէ տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան գրասենեակի պատասխանատուութիւնը:

Թեկնածուները պարտին լրացնել հետեւեալ պայմանները`

ա) Ունենան տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան համալսարանական վկայական (BS in Communication arts) եւ վերոյիշեալ մարզին մէջ 3-էն 5 տարուան փորձառութիւն:

բ) Տիրապետեն հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներուն:

գ) Ունենան ստեղծագործական եւ նախաձեռնութեան ոգի, ինչպէս նաեւ բազմազան աշխատանքի կարողականութիւն:

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց դիմումնագիրները եւ անձնական տուեալները ուղարկել հետեւեալ հասցէին` recrutement@collegehripsimiantz.com որուն կցուած ըլլայ իրենց «Սի. Վի.»-ն, առաւելագոյնը մինչեւ 15 փետրուար 2019:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել վարժարանիս թիւերուն` 01/891068-01/891099, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԵՍ, ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ»

Հեղինակ` ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ

Խմբագիր` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Հրատարակութիւն` «Գառնի» ուսանողական մատենաշարի թիւ 42

2018

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ

BRUNCH

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

2 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

7 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

23 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ

BRUNCH

9 ՄԱՅԻՍ 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>